«ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱԲԵՐԷՆ»-Ը ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

Յորդանանեան «Ռայ» օրաթերթը ուրբաթ, 24  փետրուարին հրապարակած է  «Ցեղի մը բնաջնջումը» խորագիրով հակահայ յօդուած մը, ուր Մարուան Սուտահ երկար բացատրութիւն տալէ ետք Կովկասի մէջ տագնապներու գոյութեան մասին, անճիշդ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ` հիմնուելով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ վերջերս որդեգրուած ազրպէյճանամէտ որոշումին վրայ, որ իբրեւ թէ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը ցեղի մը ոչնչացում էր եւ իր պատմական հայրենիքի մէջ տեղի ունեցաւ ազերի ցեղին բնաջնջում»:

Սուտահ արդարացնելով Իսլամական համագործակցութեան երկիրներու որդեգրած որոշումը կ՛աւելցնէ, որ հայերը կատարած են ջարդեր` շեշտելով այն գաղափարները, թէ ազրպէյճանցիները ենթարկուած են բնաջնջման հայերու կողմէ, միւս կողմէ` ան հանրութիւնը կը զգուշացնէ ազրպէյճանցի ժողովուրին դիմագրաւած վտանգներէն:

Արդ` «Ազդակ-արաբերէն»-ը բողոքի նամակ յղեց Յորդանանեան «Ռայ» օրաթերթի խմբագրութեան, թէ խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացուած է Ղարաբաղի հարցը: Կարգ մը պատմական ճշդումներ կատարելէ ետք նամակին մէջ տեղ գտաւ մեր տեսակէտը ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ:

Պարզաբանելով, թէ Ազրպէյճան մինչեւ օրս կ՛օգտագործէ ամէն միջոց Խոջալուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը խեղաթիւրելու, նամակին մէջ պահանջուեցաւ, որ թերթը աւելի առարկայական մօտեցում ցուցաբերէ նման պատմական հարցերու նկատմամբ, քանի որ արաբական մամուլը` հրապարակելով նման յօդուածներ, կը խեղաթիւրէ պատմական իրականութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES