«Օ. Թի. Վի.»-ին Տրուած Հարցազրոյցին Մէջ Ալիս Պօղոսեան Կ՛Անդրադառնայ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի Որոշումին

Երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, ՀՅԴ-ի անունով Ալիս Պօղոսեան անդրադարձաւ, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի մերժումին: Ան նշեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը զարմանալի է, մանաւանդ երբ ֆրանսական խորհրդարանը մեծամասնութեամբ քուէարկած է այս օրէնքին: Ան ընդգծեց, որ այս որոշումը արդիւնք է թրքական ճնշումին:

Ալիս Պօղոսեան յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ պատահած սպանութիւնները կը դատապարտէ, մինչ ինք իր խղճին մէջ ունի թղթածրար մը, որուն մէջ 1,5 միլիոն զոհեր կան: «Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը չի յուսահատեցներ մեզի, որովհետեւ պայքարը տակաւին երկար է եւ երկար ճամբայ մը կայ կտրելիք` հայութեան իրաւունքները ձեռք ձգելու համար», ըսաւ Ալիս Պօղոսեան:

«Մեզի կը զարմացնէ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այսօրուան յայտարարութիւնը, երբ ան կը խօսի Եւրոպական ժողովրդավարական արժէքներուն մասին, մինչ Թուրքիա տակաւին հաշտ չէ իր պատմութեան հետ», եզրափակեց Ալիս Պօղոսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES