«Էյ. Էն. Պի.»-ին Տրուած Հարցազրոյցին Ընթացքին Վերա Եագուպեան Կ՛Անդրադառնայ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի Նիստին
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան երէկ` չորեքշաբթի, 29 փետրուարին հարցազրոյց մը տուաւ լիբանանեան «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին` Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատելուն գծով:
Այս մասին ան նշեց, որ որոշումը մերժուեցաւ` իբրեւ հետեւանք Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած ճնշումներուն, բայց եւ այնպէս ֆրանսահայութիւնը տակաւին կը շարունակէ հետապնդել այս հարցը` նոր օրինագիծի ներկայացման գծով աշխատանք տանելով: Վ. Եագուպեան աւելցուց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի խոստացած էր ֆրանսահայութեան` կառավարութեան դիմել, որպէսզի վերջինս նոր օրէնք մշակէ եւ քուէարկութեան ներկայացնէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահին այս որոշումին ետին ընտրական հաշիւներ կա՞ն` Վ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ նման բան չկայ, մանաւանդ որ նախապէս արդէն յայտնած էինք, թէ այս օրինագիծը խորհրդարան ներկայացուած էր աջակողմեան եւ ձախակողմեան ուժերուն կողմէ, եւ հայերուն քուէները ի նպաստ երկու կողմերուն պիտի տրուին: