Օմար Քարամէ – Ատտում Հանդիպում

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտումը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ատտում յայտնեց, որ Քարամէի հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ զարգացումները, յատկապէս նոր սահմանադրութեան վերաբերող հարցեր:

Ատտում շեշտեց, որ օրինական գետնի վրայ Սուրիոյ սահմանադրութիւնը աւելի յառաջադէմ է եւ ժողովրդավարական բազմաթիւ պետութիւններէ աւելի հզօր:

Քարամէ ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ահտապ շեշտեց, որ այս շրջանային ու ներքին ծանր ու դժուար կացութեան լոյսին տակ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES