Պըրրի Ուղղուեցաւ Կիպրոս

Պըրրի եւ Խրիսթոֆիաս

Ընդառաջելով Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Ինիաքես Օմիրուի հրաւէրին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Կիպրոս, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Կիպրոսի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ կիպրացի պետական եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս քարիւղի եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարներուն առնչութեամբ:

Խորհրդարանի նախագահը պաշտօնական իր այցելութեան սկսաւ հանդիպում մը ունենալով Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Խրիսթոֆիաս յայտնեց, որ ինք իր ցուցմունքները տուած է` սկսելու համար Միջերկրական ծովուն մէջ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ տնտեսական գօտին ճշդելու աշխատանքներուն:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ կիպրացի իր պաշտօնակիցին Ինիաքես Օմիրուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի բարձր գնահատեց 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի նկատմամբ Կիպրոսի կեցուածքը: Պըրրի նկատել տուաւ, որ ինք կը փափաքի քննարկել նաեւ այն կարելիութիւնը, որ Լիբանանին եւ արաբներուն համար Կիպրոս ըլլայ դէպի Եւրոպա առաջնորդող դարպասը:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ ծովային սահմանագծումի հարցը Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ չէ, այլ` Լիբանանի եւ Իսրայէլի: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ Իսրայէլ չարաշահէ այս կացութիւնը եւ ծովային սահմանները խախտելով փորձէ տիրել Լիբանանի իրաւունքին:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի լիբանանեան-կիպրական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հետ:

Կիպրոսի իր կեցութեան վայրին մէջ Պըրրի ընդունեց Կիպրոսի ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES