Սլէյման Աւարտեց Ռումանիա Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Մեկնեցաւ Չեխիա

Նախագահ Սլէյման եւ Ռումանիոյ Տանիէլ պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Ռումանիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները խոչընդոտող բոլոր արգելքները վերացնել:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ առեւտրականներուն հետ եւ անոնց աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթեց` դիտել տալով, որ համաշխարհային տնտեսական տագնապի օրերուն իսկ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը մնաց կայուն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը երկրին համար ապահոված է 4 միլիառ տոլարի ներդրում մը` աւելցնելով, որ 2010-ին Լիբանանի մէջ արձանագրուած է 7 առ հարիւրի տնտեսական աճ:

«Լիբանանի յատկանիշներէն է անոր ելեւմտական եւ դրամատնային համակարգին ամրութիւնը, որուն հիմնական ազդակ կը հանդիսանայ երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման այցելեց նաեւ Ռումանիոյ Տանիէլ պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` պահպանելու համար փոքրամասնութիւններուն հարստութիւնը: Ան շեշտեց արաբական երկիրներուն մէջ փոքրամասնութիւնները քաղաքական եւ վարչական կեանքին մասնակից դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ փոքրամասնութիւն անպայման քրիստոնեայ չի նշանակեր:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ փոքրամասնութիւններուն հարցը Լիբանանին չի վերաբերիր, որովհետեւ Լիբանանի մէջ բոլոր համայնքները փոքրամասնութիւններ են եւ ճիգ չեն խնայեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ճշգրիտ կերպով գործադրելու:

 

Share this Article
CATEGORIES