«Եթէ Ցեղասպանութիւնը Օրէնքով Ճանչցուած Է, Զայն Ժխտողներն Ալ Պէտք Է Պատժուին» Կ՛Ըսէ Պուայէ
Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ` անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ իր հեղինակած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական ճանչնալու մասին վճիռին, ըսած է, որ այդ որոշումը զինք ցնցած է:
«Խորհուրդը երկու ցեղասպանութիւններու առնչութեամբ տարբեր դիրքորոշում արտայայտեց: Հրեաներու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնները նոյն նժարի վրայ չդրուեցան: Շատ կը ցաւիմ այդ կապակցութեամբ, սակայն վճռական եմ, եւ կառավարութեան հետ նոր օրինագիծի մը առնչութեամբ քննարկումներ պէտք է կատարենք: Կը կարծեմ, որ եթէ ցեղասպանութիւնը օրէնքով ճանչցուած է, ապա զայն ժխտողներն ալ պէտք է պատժուին: Ասիկա կը բխի արդարութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւանց պահանջներէն», ըսած է Պուայէ:
Խորհուրդի վճիռին անդրադարձած է նաեւ ծերակուտական Նաթալի Կուլէ` նշելով, որ շատ ուրախ է այդ որոշումին առնչութեամբ: «Ես մեր թուրք եւ ազրպէյճանցի բարեկամներուն ըսած էի, որ Ֆրանսայի ժողովրդավարութեան վստահին: Ասիկա Սարքոզիի պարտութիւնն է, որովհետեւ ան փորձեց ընտրութիւններէն առաջ հայկական դէպքերը օգտագործել», յայտարարած է Կուլէ: