«Անակնկալ Չէր ՀԱԿ-ի Մասնակցութիւնը Հանրահաւաքին» Կ՛Ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
Հայ ազգային քոնկրեսի մասնակցութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնած նախանցեալ օրուան հաւաքին Վահան Յովհաննիսեանի համար անակնկալ չէր:
«Մենք յայտարարութիւն կը կատարէինք բոլորին համար, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսը միացաւ կազմակերպուած ձեւով: Մենք միշտ ըսած ենք, որ ընտրութիւններու արդարութիւնը ապահովելու համար պատրաստ ենք համագործակցելու որեւէ քաղաքական ուժի հետ: Իսկ թէ ատիկա ապագային ինչ կազմակերպական տեսք կը ստանայ, ժամանակը ցոյց կու տայ», ըսաւ ան հայրենի «Հայոց աշխարհ» օրաթերթի թղթակցին:
CATEGORIES Հայկական


