50 Տարի Առաջ (2 մարտ 1962)
Սուրէն Խանամիրեանի
Իշխանական Նուէրը Լիբանանի Հայութեան
Ս. Նշանի Հողին Վրայ Պիտի Կառուցուի
Արդիական Վարժարան Մը`
Մանկապարտէզի, Նախակրթարանի,
Միջնակարգի Եւ Քոլեճի Բաժիններով
Բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը, Վարդանանցի տօնին առիթով, հայապահպանման պայքարի ճակատին վրայ նոր վէմ մը եւս դրուեցաւ: Երէկ` հինգշաբթի, լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան մեծ աւետիս մը տուաւ` ծանուցանելով Պէյրութի պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի իշխանական նուիրատուութիւնը Լիբանանի հայութեան:
Պէյրութահայութեան այս արժանաւոր եւ մեծասիրտ զաւակը, ասպետական ոգիով մը, յանձն առած է Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ կողքին, կառուցումը ազգային արդիական տիպար վարժարանի մը` մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ քոլեճի լրիւ բաժիններով:
Այս մեծոգի բարերարութիւնը կոչուած է մէկ կողմէ թանկագին նպաստ մը բերելու հայեցի դաստիարակութեան սրբազան գործին, միւս կողմէ` յաւերժացնելու համբաւը Խանամիրեան գերդաստանին եւ անոր մեծարժան զաւկին` Սուրէն Խանամիրեանի, որուն անունը հայ մեծագոյն բարերարներու պատուոյ ցանկին վրայ պիտի արձանագրուի ոսկի տառերով:
Կրկնակիօրէն ուրախալի է այս կոթողական ժեսթը, որովհետեւ վստահ ենք, որ օրինակ պիտի ծառայէ այլոց` իրենց պատկանած ժողովուրդին փառքին ու յաւերժացման ծառայելու համար:
Արդարեւ, աւելի մեծ գոհունակութիւն եւ վարձատրութիւն չի կրնար ըլլալ, քան` իր պատկանած ազգին առաւելագոյն չափով ծառայած ըլլալու հոգեկան բաւարարութիւնը:
Լիբանանահայութիւնը յաւէտ երախտապարտ պիտի ըլլայ իր մեծ բարերարին: Երախտապարտ պիտի ըլլան մանաւանդ նորահաս սերունդները, որոնք Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի յարկին տակ, պիտի հանդիսանան ոսկի օղակը հայ ժողովուրդի յաւիտենութեան շղթային:
Փառք ու պատիւ երիտասարդ բարերարին ու զայն ծնող մեծ ժողովուրդին:
Ստորեւ կու տանք այս նուիրատուութեան առթիւ սրբազան առաջնորդին եւ Սուրէն Խանամիրեանի միջեւ փոխանակուած նամակներու պատճէնները.-
Պէյրութ, 20 փետրուար
Ազնուաշուք
Տիար Սուրէն Խանամիրեան
ԱՍՏ
Ազնուաշուք եւ սիրելի տիար,
Յունուար 20-ի շաբաթ օրուան ձեր գրասենեակին մէջ մեր տեսակցութեան ընթացքին առաջարկած էինք ձեզի եւ ջերմօրէն խնդրած ձեզմէ, որ հաճէիք իշխանական ընծայաբերութեամբ մը ձեր անուան արժանի եւ ձեր գերդաստանին վայել բարերարութիւն մը ընել ազգին եւ կամ կոթողական մնայուն շինութիւն մը կանգնել լիբանանահայ մեր գաղութին համար:
Մեծապէս ուրախ ու երջանիկ զգացինք մենք զմեզ այդ օր, երբ մեր առաջարկութեան դրապէս պատասխանեցիք` յայտնելով, որ սիրով յանձն կ՛առնէիք կոթողական շինութեամբ մը օժտել Պէյրութի հայութիւնը եւ յաւերժացնել ազգին հանդէպ ձեր սէրն ու նուիրումը:
Արդ, որպէս հետեւութիւն մեր այդ օրուան տեսակցութեան ու որպէս գործնականացում ձեր ազնիւ խոստումին, այսու կ՛առաջարկենք ձեզի, որ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կողքին հաճիք կառուցանել մանկավարժական եւ առողջապահական բոլոր պայմանները լրացնող տիպար եւ արդիական հայ դպրոց մը` իր մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ քոլեճի լրիւ բաժիններովը:
Որոշած ենք ձեր արդար վաստակին լաւագոյն բաժինովը կառուցուելիք այս շքեղ ու փառաւոր նոր դպրոցը կոչել ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃ, եւ այս ձեւով անմահացնել ձեր եւ ձեր թանկագին ծնողաց եւ Խանամիրեան բարեհամբաւ գերդաստանին անունն ու յիշատակը:
Այս առթիւ, ազնուաշուք տիար, կը փութանք յայտնել ձեզի մեր սրտագին շնորհակալութիւններն ու օրհնութիւնները մեր ժողովուրդին հանդէպ ձեր արտայայտած ազնիւ զգացումներուն համար:
Խորապէս գնահատելով ձեր բարեսէր ոգին` ի բոլոր սրտէ կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ շնորհէ ձեզի երջանիկ ու քաջառողջ կեանք եւ կատարեալ յաջողութեամբ պսակէ ձեր բոլոր ճիգերն ու ջանքերը:
Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ողջունիւ
Աղօթարար
ԽՈՐԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
*
* *
Պէյրութ, 26 փետրուար 1962
Բարձրաշնորհ
Տ. Խորէն Ս. արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ Հայոց Լիբանանի
ԱՍՏ
Սիրելի սրբազան հայր,
Շնորհակալութեամբ ստացայ ձեր բարձր սրբազնութեան 20 փետրուար 1962 թուակիր գրութիւնը:
Ուրախ եմ յայտնելու ձեզի, որ սիրով յանձն կ՛առնեմ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կողքին կառուցանել արդիական տիպար, նոր դպրոց մը` իր մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ քոլեճի բաժիններով, որ լրացնէ մանկավարժական ու առողջապահական բոլոր պայմանները:
Ի բոլոր սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, որ մտածած էք կառուցուելիք այդ նոր դպրոցը կոչել իմ եւ գերդաստանիս անունով` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃ:
Ուստի, սրբազան հայր, կը խնդրեմ ձեզմէ, որ հաճիք այժմէն իսկ հրաւիրել քաղաքիս ծանօթ ճարտարապետները եւ փութով պատրաստել տալ համապատասխան յատակագծերը, որպէսզի դպրոցական տարիի վերջաւորութեան, այսինքն` յունիսի վերջը, կարելի ըլլայ սկսիլ նոր կառուցուելիք շէնքի շինութեան եւ ընել այնպէս մը, որ 1962-1963 դպրոցական տարեշրջանը բացուի քոլեճի նորակառոյց շէնքին մէջ:
Մաղթելով ձեզի քաջառողջ կեանք եւ բեղուն գործունէութիւն:
Մնամ խորին յարգանօք եւ ի համբոյր սրբազնութեանդ Ս. աջոյն
ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ