Արուեստի Աշխարհէն. Կը Փնտռուի. Մրցանիշ Կոտրող Պաս Երգիչ Մը
ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ԵՐԳԻՉ ՄԸ, ՈՐ ԿԱՐԵՆԱՅ ԱՐՏԱԲԵՐԵԼ ԱՅՆՊԻՍԻ ՑԱԾ ԽԱԶ ՄԸ, ՈՐ ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՉԷ ՀՆՉԱԾ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
«Միլիթըրի ուայվզ» երգչախումբին համար երգեր յօրինող Փոլ Միլորի մէկ նոր գործը` «Տէ փրոֆունտիս» կը պարունակէ ցած ձայնաստիճանով «Ի.» մը, որ երկու ձայնաստիճան վար է միջակ «Սի.»-էն:
Անիկա 6 կէս աստիճան ցած է ամէնէն ցած ձայնաստիճանը պարունակող Ռախմանինովի ժամերգութիւններուն (վեսփըրզ) հարթ «Պի.»-էն:
Պահանջուած պաս ձայնին փնտռտուքը պիտի կատարուի առեւտրական թերթերու եւ համացանցի միջոցով:
««Տէ փրոֆունտիս»-ի դրուածքը կը պահանջէ հարուստ եւ հզօր ձայն մը. այնպիսի ձայն մը, որ ոչ միայն խօսի սրտերուն` իր անկեղծութեամբ եւ ճշմարտութեամբ, այլ նաեւ մարդկային իւրաքանչիւր նեարդը թրթռացնէ, երբ խորասուզուի դէպի ձայնային երանգապնակին յատակը», կ՛ըսէ Միլոր:
Մրցանիշներու «Կինես» գիրքին համաձայն, մարդկային ձայնով երբեւիցէ արտաբերուած ամէնէն ցած խազը չափազանց ցած սուր «Էֆ.»ն է:
Ամերիկայէն հանրային փոխադրամիջոցներու վարորդ մը` Ճորճ Մինես այս մրցանիշը կոտրած է 2010-ին, սակայն կարելի չէ նոյն ձայնաստիճանը հնչեցնել երգեցողութեան սովորական կատարումի մը ընթացքին:
Անցեալ տարի Քէյմպրիճի դուքսն ու դքսուհին Միլորի դիմած էին, որպէսզի յօրինէր իրենց թագաւորական հարսանիքին երաժշտութիւնը:
Միլորի Ս. Ծննդեան «Ուերեւըր եու առ» երգը, զոր կը կատարէ «Միլիթըրի ուայվզ» երգչախումբը, վեց տարուան մէջ դարձած է ամէնէն աւելի արագ վաճառուող երգը:
«Տէ փրոֆունտիս», որ կը սկսի «Աութ աֆ տը տեփթս այ քրայ թու եու, Օ Լորտ» բառերով, Միլորի առաջին երգչախմբային ստեղծագործութիւնն է թագաւորական հարսանիքին համար յօրինած իր երգէն ետք: Ան իր արտադրիչին` Աննա Պերիի հետ պիտի կատարէ պաս տաղանդի մը փնտռտուքը` ընտրելու համար լաւագոյն ձայնը:
Կ՛ակնկալուի, որ երգին ձայնագրութիւնը կատարուի գարնան:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ