Արուեստի Աշխարհէն. Ասիացիք Կրնա՞ն Փրկել Դասական Երաժշտութիւնը

Ճափոնցի եւ ամերիկացի ջութակահարներու զաւակ Ալըն Կիլպըրթ կը ղեկավարէ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը:
ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԵՐ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻՆ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԱՍԻԱՑԻ-ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ԲԱՒԱՐԱ՞Ր Է ԱՅՍ ՆԵՐԱՐԿՈՒՄԸ: ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏ ՄԱՅՔԸԼ ԱՀՆ ՓԱԱՐԼՊԸՐԿ «ՍԼԷՅԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՍԻԱՑԻՔ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻՆ ՅՈՅՍԸ:
Հասարակաց ի՞նչ կէտեր ունին սիմֆոնիք նուագախումբերն ու ծխախոտի ընկերութիւնները: Պատասխանը` տարիքի հարցը: Այլ խօսքով` ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել առեւտուրը, երբ յաճախորդները կը մեռնին:
Նուագախումբերու համար գէթ լաւը այն է, թէ իրենց արտադրութիւնը մահացու չէ, թէեւ կը թուի, թէ մահուան մօտ է, որովհետեւ հանդիսատեսներուն միջին տարիքը հետզհետէ կը բարձրանայ: 2008-ին 10 չափահասէն հազիւ մէկը ներկայ եղած է դասական համերգի մը, ինչպէս կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արուեստի յատկացումներու ազգային գրասենեակին կողմէ կատարուած պարբերական վիճակագրութիւն մը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ համեմատութիւնը 28 առ հարիւրով նուազած է 1982-էն ի վեր: Նուագախումբերու նիւթական վիճակը այսօր կարելի է բաղդատել վիտէոներ տրամադրող Պլոքպասթըր եւ Նաթֆիքս սպասարկութիւններուն վիճակին. տոմսերու վաճառքը հետզհետէ անկում կ՛արձանագրէ, գործունէութեան դադրեցումի եւ սնանկացումի յայտարարութիւնները յաճախակի են: Վերջին երկու տարիներուն Հոնոլուլուի, Սիրաքիուսի եւ Նիւ Մեքսիքոյի նուագախումբերը ամբողջութեամբ փակուած են: Ֆիլատելֆիայի նուագախումբը, որ ճանչցուած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն 5 նուագախումբերէն մէկը, անցեալ ապրիլին պաշտպանութեան դիմում ներկայացուց պետութեան:
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ
ԱՍԻԱՑԻ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ
Սակայն տակաւին գոյութիւն ունի հաւաքականութիւն մը, որ կը սիրէ դասական երաժշտութիւնը եւ կը վճարէ կենդանի կատարումներ լսելու համար: Ասիկա ասիացիներու հաւաքականութիւնն է: Վերոնշեալ վիճակագրութեան մասնակցած 18- 24 տարեկան ասիացի-ամերիկացիներուն 14 առ հարիւրը յայտնած է, թէ դասական երաժշտութեան համերգի մը ներկայ գտնուած է նախորդ տարի: Համեմատութիւնը շատ աւելի է, քան ինչ որ արձանագրուած է նոյն տարիքի ժողովրդագրական որեւէ այլ հաւաքականութեան մէջ: Հակառակ դասական երաժշտութեան վայելած այն հռչակին, թէ անիկա ամէնէն աւելի սպիտակամորթներու առնչուած երաժշտական սեռն է, ասիացիք իրենց ներկայութեամբ նոյնիսկ կը գերազանցեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին դասական համերգներու ներկայ 45-54 տարեկան հանդիսատեսներուն միջինը: Այսինքն որքան աւելի երիտասարդներէ բաղկանան դասական երաժշտութեան հանդիսատեսները, այնքան աւելի կը շեշտուի ասիացիներու ներկայութիւնը անոնց մէջ: Այլ խօսքով` ասիացիք միակ հաւաքականութիւնն են, որոնք անհամեմատօրէն սկսած են գրաւել մեռնող տարեց հանդիսատեսներուն թափուր ձգած աթոռները:
Այս մէկը կ՛արտացոլէ ամերիկեան համերգասրահներուն մեծ մասին պատկերը այսօր. ալեհեր գլուխներու ծով մը` կտրատուած ասիացի պատանիներու դասի նման սեւ մազերով ծածկուած գլուխներով, որոնք իրենց ծնողներուն կողմէ համերգի բերուած են իրենց մշակութային աշխարհը հարստացնելու համար: Գիտե՛մ` այսպէս է, որովհետեւ այս պատանիներէն եղած եմ: Ես հափա եմ, այսինքն` խառն ծագումով քորէացի-ամերիկացի մը. հայրս ամերիկացի է, մայրս` քորէացի: Անոնք 5 տարեկանիս ինծի տուած են բնական չափի ջութակի մը քառորդ չափով փոքր գործիք մը: Այնուհետեւ յաջորդած են ջութակի դասերը եւ յաճախակի այցելութիւնները «Քենետի սենթըր»` ունկնդրելու համար Սիմֆոնիք ազգային նուագախումբը: 12 տարեկանիս դպրոցիս նուագախումբին ղեկավարն էի եւ կու տայի առանձին համերգներ: Որոշ ժամանակ մը հաճելի էր այս: Սակայն ոչ մէկ ատեն զգացած եմ, թէ որեւէ խօսք ունէի այս բոլորին մէջ:
«Երաժշտութիւնը մեծ մասը կը կազմէ ասիացի բազմաթիւ ընտանիքներու կեանքին,- կ՛ըսէ ջութակահար Սառա Չանկ:- Ինծի ծանօթ ասիացի մանուկներէն շատերը կանուխ տարիքէն կը սկսին հետեւիլ ջութակի, դաշնակի կամ թաւջութակի դասընթացքներու»: Ասիացի ծնողներու համար ընդհանրապէս հարց չէ, եթէ այս մէկը իրենց զաւակները ընկերային մակարդակի վրայ կը տարբերէ իրենց դասընկերներէն: Երաժշտական կարողութիւններով օժտուած զաւակներ մեծցնելու անոնց վճռակամութիւնը անշեղ է եւ խիստ: «Պեթըլ հիմ աֆ տը թայկըր մատըր» գիրքին մէջ անմոռանալի պարբերութիւն կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Էմի Շուա դաշնակի փորձի պահուն կը սպառնայ իր աղջկան. «Եթէ յաջորդին կատարեալ չնուագես, պիտի հաւաքեմ բոլոր արջուկներդ եւ այրեմ», կ՛ըսէ ան: «Միւզիշընզ ֆրամ է տիֆըրընթ շոր» գիրքին մէջ Հաուայի համալսարանի դասախօս եւ դաշնակահար Մարի Եոշիհարա կը նկարագրէ իր մանկութեան ստացած դաստիարակութիւնը Ճափոնի մէջ` Բ. Աշխարհամարտէն ետք: Այդ ժամանակներուն զանգուածային արտադրութեան, բարձր եկամուտներու եւ հետզհետէ փոքրացող յարկաբաժիններու յայտնութեան շնորհիւ միլիոնաւոր դաշնակներ մուտք գործած էին քաղաքային շրջաններու բնակարանները, ուր դարձած էին միջին խաւի դիրքի խորհրդանիշ: Տարիներ շարունակ դաշնակի փորձեր կատարելու ընթացքին «երբեք ես ինծի հարց չեմ տուած, թէ ինչո՞ւ երաժշտութիւն կը սորվէի, թէ` արդեօք կը սիրէի՞ նուագել: Նման հարցումներ նոյնիսկ միտքէս չեն անցած: Երաժշտութիւնը բան մըն էր, զոր սիրելու կամ չսիրելու ընտրանքը չէի կրնար ունենալ: Պարզապէս պէտք էր կատարէի զայն», կը գրէ Եոշիհարա:
ԴԻՐՔԻ ԵՒ ԱՍՏԵՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ
«Կար ժամանակ, երբ գրեթէ իւրաքանչիւր մենակատար հրեայ էր,- կ՛ըսէ ջութակահար Ճոշուա Պել:- Իւրաքանչիւր հրեայ մանուկ հասակ կը նետէր` ջութակ նուագելու փափաքով: Այժմ նոյնը կարելի է ըսել ասիացիներուն մասին»: Կամ գէթ` ասիացի ծնողներուն մասին: Երաժշտանոցներու եւ նուագախումբերու մէջ այս անցումը նկատելի դարձաւ 1970-ական տարիներուն, երբ սկսան նօսրանալ շարքերը արեւելաեւրոպացի եւ հրեայ երաժիշտներուն, որոնք երկար ժամանակ տիրական ներկայութիւն էին, մինչ ասիացի երաժիշտներու շարքերը սկսան ուռճանալ: Ասիացիք կը հաշուեն Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 4 առ հարիւրէն միայն քիչ մը աւելին, սակայն երկրին նուագախումբերուն երաժիշտներուն 7 առ հարիւրը ասիացի է, իսկ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին նման կառոյցներու մէջ անոնց համեմատութիւնը կը բարձրանայ մինչեւ 20 առ հարիւրի: Երաժշտական վերնախաւի մը յատուկ Ճիւլիըրտ դպրոցին մէջ 5 շրջանաւարտներէն մէկը եւ տոքթորայի տիտղոսին արժանացող 3 վկայեալներէն մէկը ասիացի է:
Այստեղ պէտք է կատարել նախազգուշացում մը. ամերիկեան պարունակի մէջ «ասիական» եզրը կ՛ընդգրկէ աշխարհագրական լայն տարածք մը` Փաքիստանէն մինչեւ Ինտոնեզիա, ներառեալ` բոլորը, նաւերով նոր հասած գաղթականներէն մինչեւ Ամերիկայի մէջ հասակ նետած երրորդ սերունդի ասիացի-ամերիկացիներ եւ որդեգիրներ: Իրականութեան մէջ ասիական դասական երեւոյթը Չինաստանէն, Ճափոնէն եւ Քորէայէն անդին չ՛երթար: Այսուհանդերձ, գէթ արեւելեան ասիացիներուն համար, դասական երաժշտութիւնը հասարակաց հարազատ եզր մըն է, թէեւ` համեմատաբար նոր: Շրջանին մէջ անիկա ներկայ է շուրջ մէկ դարէ ի վեր եւ կ՛երթայ մինչեւ այն ժամանակները, երբ Ճափոնէն զինուորական նուագախումբեր Միացեալ Նահանգներ բերուած էին ամերիկեան ծովուժի հրամանատար Փերիի կողմէ, Ճափոնի վրայ պարտադրուած դաշինքի մը ստորագրութենէն ետք: Արեւմտեան երաժշտութիւնը զինուորական կարգապահութեան եւ արդիականացումի հետ առնչելու այս քայլը դարձաւ նախընթաց մը: Դասական երաժշտութիւնը դարձաւ ներշնչման խորհրդանիշ մը նոր ճարտարարուեստականացող ասիական երկիրներուն համար, որոնց պետութիւնները սկսան նիւթական նպաստ տալ երաժշտական դպրոցներու եւ նուագախումբերու, ինչպէս նաեւ` ծնողներու համար, որոնք յաջողութեան ցուցանիշ մը սկսան նկատել ընտանիքին մէջ երաժիշտի մը գոյութիւնը:
Սակայն` ո՛չ որեւէ երաժիշտի… Ասիացի եւ ասիացի-ամերիկացի կատարողներ գրեթէ բացառաբար կը կառչին միայն լարային նուագարաններու եւ դաշնակի: Այսինքն առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն այն գործիքները, որոնք կը պատկանին յատուկ սեռի մը, որ կը խորհրդանշէ մէկ խաւէն միւսը անցումը Ասիոյ մէջ: Հազուադէպօրէն կարելի է երաժշտանոցի մը մէջ հանդիպիլ ասիացի աշակերտի մը, որ կը սորվի նուագել թաւափող (պասուն) կամ աւագափող (թրոմպոն), այլ խօսքով` որեւէ գործիք, որ չ՛ընձեռեր կարելիութիւնը մենակատարութեան եւ աստեղութեան:
ՏԿԱՐ ԿԷՏԵՐ
Պէտք է նշել, թէ ասիացիներուն կողմէ դասական երաժշտութեան տրուած արժէքը բոլորովին չի համապատասխաներ արհեստավարժ երաժիշտներու ստացած աշխատավարձին: Իսկ ասիական այս հզօր ուժը տակաւին շատ երկար ճամբայ պէտք է կտրէ` բեմերու տակ նուագախումբերու յատուկ խոռոչէն անդին: Մարզ մը, որուն մէջ տիրական ներկայութիւն չեն ասիացիները, նուագախումբերու ղեկավարութիւնն է, որ մեծ մասամբ կը մնայ սպիտակամորթներու հակակշիռին տակ, ինչպէս կը նշէ Եոշիհարա: Կատարողական արուեստներու մէջ կառոյցներ հովանաւորող խնամակալական կազմեր ընդհանրապէս կը բաղկանան նուիրատու հարուստ գործատէրերէ, որոնք հակամէտ են ղեկավարներ եւ այլ անդամներ ընտրելու իրենց անմիջական ընկերային միջավայրէն: Եւ ի տարբերութիւն աստղի վերածուած ասիացի երաժիշտներու, ինչպէս` Եօ-Եօ Մա եւ Լանկ Լանկ, ասիացիք մեծ յառաջխաղացք չեն արձանագրած խմբավարութեան եւ յօրինումի մարզերուն մէջ: Ասիական երաժշտական կրթութիւնը հռչակաւոր չէ իր երաժշտական տեսութեամբ: Սուզուքի մեթոտը, որ արտասահմանի մէջ դասական երաժշտութեան ամէնէն աւելի յաջողութիւն արձանագրած ասիական մեթոտն է, խիստ մեքենական վարժութեան ձեւ մըն է` հիմնուած նոյն բանը տեւաբար կրկնելու եւ անգիր սորվելու վրայ, ուր ոչ մէկ շեշտ կը դրուի երաժշտութիւնը «զգալու» վրայ: Հետեւաբար անիկա լաւ արդիւնք կու տայ Պարոք ժամանակաշրջանի հաւասարապէս մեքենական գործերու կատարումին մէջ, նուազ լաւ` վիպերգական ժամանակներու գործերուն եւ ոչ մէկ արդիւնք` դասական ժամանակակից գործերու կատարողութեան մէջ:

«Ամէն անգամ որ կը նուագեմ Քորէայի մէջ, կը զգամ, թէ կարծէք կու տամ ռոք երաժշտութեան համերգ մը», կ՛ըսէ Ճոշուա Պել:
Որքան ալ սահմանափակ ըլլայ երաժշտութեան այս ծիրը, մէկ բան յստակ է, թէ Ասիան այն վայրն է, ուր դասական երաժիշտներ կրնան վերածուիլ իսկական փոփ աստղերու, եւ այնպիսի ձեւով, որ շատոնց մոռցուած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին: «Ամէն անգամ որ կը նուագեմ Քորէայի մէջ, կը զգամ, թէ կարծէք կու տամ ռոք երաժշտութեան համերգ մը», կ՛ըսէ Ճոշուա Պել: Եթէ հեգնական որեւէ բան կայ ամէնէն աւելի արեւմտեան երաժշտական աւանդութիւնը Արեւելքի կողմէ կենդանի պահելու երեւոյթին մէջ, այսօր արդէն աննշան է անիկա: Դասական երաժշտութիւնը նոյնքան ասիական է, որքան` ծովային պտուղներով եւ բանջարեղէնով պատրաստուած թեմփուրան եւ խոզի պահածոյ սփամը: Եթէ նոյնիսկ անիկա ի վերջոյ իր հոգին աւանդէ Արեւմուտքի մէջ, պիտի ունենայ ասիական յետմահու կեանք մը, այնպէս` ինչպէս կորուստի դատապարտուած ամերիկեան ռոք երաժշտութեան խումբերը կը շարունակեն մարզասրահներ հանդիսատեսներով լեցնել Մանիլայի մէջ:
Դասական երաժշտութիւնը հաւանաբար երբեք ամբողջութեամբ պիտի չանհետանայ Ամերիկայի ափերէն: Իսկ անոր գոյատեւումը արդիւնք պիտի ըլլայ երկրին մէջ հաստատուող ասիացի գաղթականներուն եւ հանդիսատեսներուն: Երաժշտական ամէնէն աւանդական եւ պահպանողական ժառանգութիւններէն մէկը նորութեան մը պէս մանուկներուն հաճելի դարձնելը եւ զանոնք խանդավառելը նախանձելի պարտականութիւն մը չէ: Այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու եւ վերապրելու մարտավարութիւն մը չգտնելով` նուագախումբեր անձնատուր եղած են եւ միայն կ՛աղօթեն, որ ամբողջ եղանակի մը համերգներու տոմսերը գնող տարեց հանդիսատեսներուն կեանքը տարի մը եւս երկարի: Սակայն փոխարէնը անոնք կրնան պատրաստուիլ այնպիսի ապագայի մը, ուր իրենց բաժանորդները պիտի ունենան տարբեր երեւոյթ, հետեւաբար պէտք է մտածեն այս մէկը արտացոլացնող ղեկավարութիւն մը ստեղծելու, տարածուելու եւ համապատասխան ծրագիրներ մշակելու մասին:
Ինչ կը վերաբերի ինծի, ի վերջոյ ձանձրացայ ջութակ նուագելէ եւ դադրեցայ: Սակայն երբեք չկորսնցուցի Մոցարթի եւ Մահլերի իմ սէրս: Կ՛ըսուի, թէ մանուկ տարիքին գործիք մը նուագելը կ՛երաշխաւորէ ապագային իբրեւ չափահաս համերգներու ներկայ գտնուիլը: Հետեւաբար կը շարունակեմ երթալ նոյն այն համերգասրահները, ուր կ՛երթայի մանուկ տարիքիս: Պարզապէս հիմա այլեւս մազերս դասի պէս կտրուած չեն եւ իմ կամքովս կ՛երթամ համերգասրահ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ