Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Արցախի Եւ Վարդանանցի Նուիրուած Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւններուն Աշակերտները Ուխտեցին Շարունակել Պահանջատիրութեան Երթը

«Հայկէն Սասունցի Դաւիթ, Քաջ Վարդանէն Արցախի հերոս եւ խիզախ նահատակներ… Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ամբողջական յաղթանակ» կարգախօսին ներքեւ, 8-17 փետրուար 2012-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի եւ Վարդանանցի շաբաթ:

Նախաձեռնութիւններու պաշտօնական յայտարարութիւնը կայացաւ երկուշաբթի, 13 փետրուար 2012-ին, երբ կը ծածանէր Արցախի դրօշը եւ ներկաները կը լսէին Արցախի քայլերգը: Աշակերտութեան անունով խօսք առաւ Սինթիա Արաբկիրլեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները պէտք է լաւապէս ճանչնան իրենց պատմութիւնը, յարգանք մատուցեն նահատակներուն եւ շարունակեն նախնիներուն սկսած սրբազան ուղին: Ապա Արաբկիրլեան ներկայացուց Արցախի եւ Վարդանանցի շաբթուան ընթացքին կայանալիք յայտագիրը:

Իր կարգին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ յոյս յայտնեց, որ Արցախի եւ Վարդանանցի ծրագիրները վարժարանին մէջ կը ստեղծեն համապատասխան քաջալերական մթնոլորտ, որովհետեւ երկու տօները կամրջուած են, եւ մէկը միւսին շարունակութիւնն է:

 

Մրցումներ Եւ Ձեռային Աշխատանքներ

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին, Դ.- Ե. դասարանի աշակերտները «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ ներկայ գտնուեցան միջդասարանային ասմունքի մրցումի մը, որուն ընթացքին մասնակից աշակերտները ասմունքեցին Արցախի նուիրուած բանաստեղծութիւններ:

Իսկ Զ.-Թ. դասարաններու աշակերտները ունեցան միջդասարանային շարադրութեան մրցում, որուն նիւթն էր` «Եթէ ես ըլլայի Ղարաբաղի բնակիչ…»: Ա.-Բ. դասարանի աշակերտները պատրաստեցին Արցախի դրօշները, մինչ Գ.-Դ. աշակերտները` Արցախի քարտէսները եւ Արցախի տեղեկութիւններու թերթիկներ:

 

Եկեղեցւոյ Դերին Նուիրուած Դասախօսութիւն

Չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը, որուն նիւթն էր` «Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ»: Զեկուցումը ներկայացուց Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Աբրահամեան, որ հաստատեց, թէ եկեղեցին եւ պետութիւնը միշտ ալ հայ ժողովուրդին համար եղած են զիրար լրացնող ազդակներ: Կռանեան յայտնեց, որ հայ ազգին մէջ հայ եկեղեցին պատմութեան ընթացքին ունեցած է երեք բնոյթի դերեր` կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի գիրերու գիւտին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի հայ եկեղեցիին, եւ այսօր առանց գիրերուն հայութիւնը չէր կրնար ունենալ իր ուրոյն մշակոյթը:

Հայր Կռանեան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրորոշ պայմաններուն մէջ հայ եկեղեցին միշտ ալ նեցուկ կանգնած է ժողովուրդին, եւ այս իրողութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը Վարդանանց ճակատամարտն է, երբ հոգեւորականները քաղաքական իշխանութեան հակադրուելով` մասնակցեցան ճակատամարտին` եկեղեցւոյ պատերազմին:

Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքէն հեռու լինելութեան պայքար մղելն է, եւ այս պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը ունի իր մեծ դերը` պահպանելու հայերուն ինքնութիւնը: Զեկուցումէն ետք աշակերտները հարցումներով նիւթին շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ, մինչ յայտագիրի ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:

 

Վարդանանց Հանդիսութիւն

Նոյն օրը վարժարանի բակին մէջ Ա.-Թ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Վարդանանց հանդիսութեան, որուն բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Քրիստափոր Գարամանուկեան: Ան յայտնեց, որ աշակերտները պէտք է Վարդանանց խորհուրդով տէր կանգնին հայութեան հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: Օրուան պատգամախօսն էր Անի Թորանեան, որ ներկայացուց Վարդանանց պատմական արժէքն ու հոլովոյթը: Թորանեան շեշտեց, որ Վարդանանք տօնակատարելը միայն հանդիսութիւն կազմակերպել չէ, այլ` առիթ նորոգելու ուխտը:

Յայտագիրի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանին երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանին, Գ. դասարանի աշակերտները` խմբային ասմունքով, միջնակարգ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ` ընթերցանութեամբ եւ վարժարանի թատերախումբը` թատերական ներկայացումով:

 

Արցախի Վերականգնման Ձեռնարկ

Ուրբաթ, 17 փետրուար 2012-ին, «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնական աշակերտական խմբակին եւ մասնակցութեամբ Ժ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտութեան, տեղի ունեցաւ Արցախի վերականգնման նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմեքեան: Ան նշեց, թէ արցախեան ազատագրական պայքարին իւրաքանչիւր նահատակ իր արեան կաթիլներով ջրեց Արցախի հողը` նոր կեանք ու եռանդ տալով հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ աշակերտները պէտք է ունենան Արցախին օգնելու պատասխանատուութեան զգացումը եւ պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն Արցախի ծաղկման եւ վերականգնման աշխատանքներուն:

Ապա Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց Արցախին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր Բենիամին Պչաքճեան, որ ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարին հոլովոյթը: Պչաքճեան իր ներկայացումին ընթացքին սահիկներու ընդմէջէն ներկայացուց Արցախի քարտէսները եւ նկարներ` նիւթը առաւել եւս դարձնելով հետաքրքրական:

Ան շեշտեց, թէ այսօր Արցախին մէջ հայութիւնը պահելու խնդիր կայ, եւ այս շրջագիծին մէջ պէտք է իրականացնել կազմակերպուած վերաբնակեցում: Այս գծով, Պչաքճեան շեշտեց, թէ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ը տարեկան հերթականութեամբ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Արցախի մէջ` նեցուկ կանգնելու համար արցախահայութեան:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի եւ Վարդանանցի նուիրուած ձեռնարկներուն յաջողութեան, եւ յոյս յայտնեց, որ աշակերտները ապագային կը կատարեն իրենց վստահուած ազգային առաքելութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES