Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբը Ներկայացուց «Կախարդական Բառը» Թատերախաղը

Ուրբաթ, 24 փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբը ներկայացուց «Կախարդական բառը» երաժշտական թատերախաղը` հետեւողութեամբ «Հրաշալի բառը» յայտնի պատմուածքին: Թատերախաղին հեղինակը, բեմադրիչը եւ գեղարուեստական ղեկավարն էր Ռոպերթ Առաքելեան:

Մօտ 1 ժամ տեւողութեամբ հանդիսականները ըմբոշխնեցին բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի կատարած յարատեւ եւ մասնագիտական աշխատանքին արդիւնքը: Փոքրիկ դերասաններու խումբը, որ բաղկացած էր 3-րդէն 8-րդ դասարանի աշակերտներէ, առաւելագոյն ճիգը ի գործ դրաւ մեկնաբանելու իր անդամներուն վստահուած դերերը եւ արժանացաւ հանդիսականներու բարձր գնահատանքին: Գնահատելի էին նաեւ երգչախումբի եւ պարախումբի կատարողները,  որոնք յաւելեալ փայլք տուին թատերախաղին:

Աւարտին խօսք առաւ Թորոսեան վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Երազ» թատերախումբի այս տարուան թատրոնի նիւթը նոր է, զայն կ՛ապրինք բոլորս` դպրոց, ծնողներ, սակայն այդ մասին քիչ կը խօսինք եւ կ՛անդրադառնանք: Ան շեշտեց, որ համացանցը կը ներկայացնէ տարբեր մշակոյթներու արժէքներ, եւ նոր սերունդի զաւակները զանոնք գործադրելով կը կորսնցնեն իրենցը` հարազատը: «Նիւթապաշտ աշխարհին մէջ կան արժէքներ, որոնք չեն կորսուիր, պէտք չէ կորսուին», հաստատեց Սեդա Գարակէօզեան` աւելցնելով, որ մարդ անհատը որքան ալ տարուի առօրեային համակերպելու պարտադրանքին, տակաւին կարիքը ունի «բառ»-ով արտայայտելու, եւ երբ թանկագին բառ մը արտասանուի տեղին` կը ցոլացնէ ներքին աշխարհ մը եւ այդ բառը այսօր «հաճիս»-ն է, որուն պատգամը յստակ է:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Share this Article
CATEGORIES