ԼԵՄ-ի Կազմակերպած Միջդպրոցական Հայկական Իւրայատուկ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ  Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 25 փետրուար 2012ին` ժամը 8:00-էն սկսեալ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական  մտերմիկ եւ իւրայատուկ երեկոյ մը:

Կազմակերպիչներուն անունով բացման խօսք արտասանեց Հրակ Աւետանեան, որ անդրադարձաւ այս ձեռնարկի կարեւորութեան ու անոր պատգամին: «ԼԵՄ-ին համար հայապահպանումը առաջնահերթութիւն է, եւ ան ամէն ինչ կ՛ընէ այդ իմաստով, որպէսզի պահպանուի մեր ինքնութիւնը», ըսաւ Աւետանեան եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն` հպարտանալու մեր ինքնութեամբ, երգելու մեր զուլալ երգերը, պարելու մեր ազգագրական պարերն ու պահել-պահպանելու մեր հարուստ մշակոյթը:

Անդրադառնալով լիբանանահայ աշակերտութեան եւ հայապահպանման իմաստով անոր ունեցած դերակատարութեան` Աւետանեան ըսաւ. «Դո՛ւք էք մեր ազգի ապագան ու սրբազան դատին պաշտպանը»: Նշենք, որ ձեռնարկը մէկ յարկի տակ համախմբեց Լիբանանի հայկական թէ օտար վարժարաններէն շուրջ 450 հայ աշակերտներ, որոնց «հիւրասիրուեցաւ» միմիայն հայկականութիւն:

Բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ դաստիարակչական տեսերիզ մը, որ ծանօթացուց ներկաները ՀՅԴ ԼԵՄ-ին ու անոր տարած աշխատանքներուն: Տեսերիզը կ՛ընդգրկէր զանազան նիւթեր` ԼԵՄ-ի ծնունդէն մինչեւ զինեալ պայքար, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ու Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին ԼԵՄ-ականներուն ունեցած ներդրումը, ցուցաբերած խիզախ կեցուածքը, միութեան տուած նահատակները, ինչպէս նաեւ անոր վարած հակաթուրք ու հայապահպանման ծրագիրները` հասնելով մինչեւ Հայաստանի մէջ «Անուշ Հայրենիք» ընկերային դաստիարակչական ճամբար:

Մինչեւ երեկոյեան ուշ  ժամեր աշակերտները` իրենց մէջ ամրապնդելով ազգային շունչն ու ոգին, պարեցին հայկական տարբեր շուրջպարեր ու երգեցին մեր ժողովրդային, գաւառական ու ազգային երգերը: Անոնք համտեսեցին մեր պապենական խոհանոցը` «Հայկական է, պատուական է» մօտեցումով «համեմուած»:

Նշենք, որ երեկոն հարուստ էր զանազան անակնկալներով ու նուէրներով, որոնք ա՛լ աւելի ճոխացուցին սրահին մէջ տիրող մթնոլորտը:

Ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն է տեսնել, որ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ իր հայապահպանման ու հայակերտումի ծրագիրները, իր թիրախը ընդլայնելով եւ հասնելով մինչեւ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն, անոնց առիթ տալով ապրելու հայ ըլլալու աննման զգացումն ու հպարտութիւնը: ԼԵՄ-ը անգամ մը եւս եկաւ կամուրջ մը հանդիսանալու սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ` հայ աշակերտութիւնը կապելով մայր հայրենիքին:

Հայկական երեկոն աւարտեցաւ ԼԵՄ-ի կողմէ ապագայի նման անակնկալներու ու ծրագիրներուն խոստումով:

Վարձքը կատար բոլորին:

 ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES