Քեսապ. Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան,  կիրակի, 5  փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  հրապարակագիր, վաւերագրող, արձակագիր Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանի յիշատակին նուիրուած  կոկիկ ձեռնարկ մը` Քեսապի հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւորականներուն, գրասէր հայրենակիցներու ու հարազատներու ներկայութեամբ:

Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Վարդենի Դանիէլեան, որ շեշտեց ձեռնարկի կազմակերպման շարժառիթն ու կարեւորութիւնը` յայտնելով, թէ վարչութիւնը ձեռնարկը կազմակերպած է  յարգանքի, պարտքի եւ գնահատանքի մղումներէ թելադրուած, եւ ոչ թէ լոկ ընկալեալ սովորութիւն մը (մահուան քառասունքի առիթ) յարգած ըլլալու պարտաւորութեամբ,  որովհետեւ Գէորգ-Ճորճ Աբէլեան կէս դար անընդմէջ իր կեանքը նուիրած է հայ գիրին ու  գրականութեան` իր ետին թողելով հայ դպրութեան ծառայելու օրինակ մը եւ գրչի վաստակ մը:

Բացման խօսքէն ետք Մեղրի Աբէլեան ներկայացուց Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանի կենսագրութիւնը, մինչ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին խօսքին համապատասխան դրուագներ` Աբէլեանի գրական գործունէութենէն:

Քեսապի Ազգ. ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի միջնակարգ բաժնի հայերէնի ուսուցչուհի Սիլվի Աբէլեան-Ճղլեան  ներկայացուց գրագէտն ու անոր գործերը, որմէ ետք Անի Աբէլեան կարդաց հատուած մը «Աննա հարսը» վէպէն: Յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր. Քեսապի Ազգ. ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի ԺԱ. կարգի աշակերտուհի Վանայ Դանիէլեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը, իսկ  Կարօ Չերչիկեան սրինգի վրայ նուագեց «Վէրքերով լի»: Վերջին խօսք առնողը եղաւ Նշան Պասմաճեան, որ  լայն գիծերու մէջ արժեւորումը կատարեց    Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանի գրական վաստակին:

Աչքառու էր բեմին եւ սրահին միջեւ ներդաշնակ հաղորդակցութիւնը` համահունչ ձեռնարկի բնոյթին: Քեսապցիներ, որոնք  պայմաններու բերումով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանի յուղարկաւորութեան, այս ձեռնարկին ընդմէջէն յարգանքի իրենց  տուրքը (անկասկած` ոչ վերջինը) մատուցեցին  իրենց գրագէտ հայրենակիցին, որ Քեսապ չապրելով հանդերձ, Քեսապն ու քեսապցին իր գրականութեան նիւթ դարձուցած է հարազատ անկեղծութեամբ: Օրուան մեծ ներկան  Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանն էր. ոգեղէն ներկայութիւն մը` առինքնող ու բարի, պարզ ու անկեղծ:  Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան մեծ պաստառին նկարը աւելիով կը շեշտէր ատիկա: Իսկ սրահին մուտքին անոր գիրքերը վաւերական փաստն էին գրագէտին անկորնչելի վաստակին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի գնահատական եւ շնորհակալական հակիրճ խօսքին յաջորդած  պահպանիչով:

Գիր ու գրականութիւն սիրող  քեսապցիները  մշակութային օգտաշատ եւ հոգեպարար ժամ մը ապրեցան հաւաքական միեւնոյն զգացողութեամբ, ինչ որ գոհունակութիւն պատճառեց Համազգայինի վարչութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՔԵՍԱՊԻ «ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES