Լեզուի Եւ Ուղղագրութեան Մասին…

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

Երկու տարի առաջ Երեւանի մէջ հրատարակեցի բանաստեղծութիւններու իմ առաջին ժողովածուս` «Վերադարձ» խորագրով, որ կը ներառէր թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ՛ արեւելահայերէնով գրուած փունջ մը բանաստեղծութիւններ: Բանաստեղծութիւններու այս շարքը, յատուկ դիտաւորութեամբ, ներկայացուած էր ընթերցողին միաժամանակ մեսրոպեան եւ «աբեղեանական» ուղղագրութիւններով.  երեւոյթ մը, որ առիթ տուաւ  հարցադրութիւններու, որոնց պիտի անդրադառնամ այս յօդուածին մէջ:  Ժողովածուն կը ցոլացնէր հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայու  (այս պարագային` ի՛մ) հոգեկան ապրումներն ու տագնապները, զորս ուզեր էի բաժնել իմ ազգակից ընթերցողին հետ` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտերկրի մէջ:

2011-ի հոկտեմբերին, երբ արդէն հրատարակած էի բանաստեղծութիւններու երկրորդ ժողովածուս, ուշադրութեանս յանձնուեցաւ «Բագին»-ի 2011-ի առաջին թիւին մէջ լոյս տեսած գրախօսական մը («Ոչ բարի վերադարձ… Սխալագրութեան եւ մասամբ նորին»)  ամսագրի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեանի ստորագրութեամբ, եւ ուր, սակայն, աւելի շատ կը խօսուէր «ուղղագրութիւն/սխալագրութիւն» վէճին մասին, քան` քերթողագրքի բովանդակութեան եւ անոր ենթահող հանդիսացող վերադարձի նուիրական եւ միաժամանակ խրթին իրականութեան:

Ես անհրաժեշտ կը համարեմ կարեւորութեամբ անդրադառնալ յօդուածին մէջ արծարծուած շարք մը խնդիրներու, որոնք կը շարունակեն յայտնապէս անհանգստացնել յօդուածին հեղինակը, ինչպէս եւ բոլորս, բայց նաեւ` հայ կեանքի իմացական բեմը առաջնորդել բեւեռացումներու` փոխանակ հանգուցալուծման գործնական ուղիներ թելադրելու: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այսօր այս վերջինն է իսկական մարտահրաւէրը եւ այս ճակատին վրայ է, որ պէտք է երեւան գայ «Բագին»-ի պէս հեղինակաւոր հանդէսի մը առաքելութիւնն ու դերը, որուն կը շարունակեմ հաւատալ:

Սկիզբէն իսկ կ՛ուզեմ շեշտել, որ ես չունիմ անհրաժեշտ մասնագիտական պատրաստութիւնն ու պաշարը` լեզուներու եւ ուղղագրութիւններու այս վէճին մասնակցելու,  ո՛չ որպէս լեզուաբան եւ ո՛չ ալ որպէս գրականագէտ: Այդ վէճը պիտի ընթանայ, կը յուսամ, բարձրորակ քննարկումներով եւ լուծման յանգի մասնագէտներու, հեղինակութիւններու եւ պատկան ազգային եւ պետական կառոյցներու կողմէ եւ անհրաժեշտ ընդհանրական համախոհութեան մը հիմերուն վրայ: Ուրեմն այս տողերը կը գրեմ ո՛չ թէ որպէս վէճին մասնակից մասնագէտ, այլ որովհետեւ ունիմ իմ զուտ անձնական կարծիքներս` սրտցաւ քաղաքացիի եւ գրողի իմ դիրքերէս, զորս կ՛ուզեմ բաժնել բոլոր ազգակիցներուս հետ անխտիր: Միաժամանակ պատրաստ եմ լսելու այս մասին արտայայտուած բոլոր տեսակէտները` ընդհանրական համախոհութեան մը եզրերը գտնելու միշտ նոյն նախանձախնդրութեամբ:

Նախ անդրադառնանք  «Մէկ գրականութիւն, մէկ լեզու, մէկ ուղղագրութիւն» տեսլականին, որուն մասին յաճախ, եւ հասկնալիօրէն, կը խօսուի:  Պիտի խոստովանիմ, որ «մէկ գրականութիւն» հասկացողութիւնը առհասարակ յստակ չէ ինծի համար: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կը սահմանուի ան եւ ի՞նչ եզրերով կ՛արժեւորուի: Բայց քանի որ խնդրոյ առարկայ հարցերը հոս աւելի շատ լեզուն եւ ուղղագրութիւնն են, պիտի կեդրոնանամ այդ երկուքին վրայ միայն:

Մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ «մէկ լեզու»-ի ձգտիլը ոչ միայն անիմաստ է, այլ նաեւ` ապարդիւն:  Թերեւս եթէ սկիզբէն մէկ աշխարհաբար լեզու ունենայինք եւ ամէն հայ աշխարհի մէջ որեւէ տեղ ճիշդ նոյն լեզուով խօսէր ու գրէր, ամէն ինչ աւելի պարզ կրնար ըլլալ հայ իրականութեան համար:  Բայց այսօր, երբ արդէն մեր երկու աշխարհաբար լեզուներով ստեղծուած հսկայական ժառանգութիւն մը  ունինք եւ այդ երկու լեզուները արդէն հասած են հիանալի հասունութեան մը եւ ծնունդ տուած են գրական անգնահատելի գանձերու, մէկ լեզու բաղձալը քիչ մը ուշ է եւ քիչ մը անտեղի: Յամենայն դէպս այդ բաղձանքը մեր կարելիութիւններու սահմաններէն դուրս կը գտնուի այսօր: Լեզուն կը դարբնուի պատմութեան սալին վրայ եւ մեր պատմութիւնը ծնունդ տուած է երկու աշխարհաբար գրական բարբառներու, որոնք ստեղծած են հրաշալիքներ եւ ապրեցուցած են մեզ աւելի քան հարիւր յիսուն տարի: Միաժամանակ փաստ է, որ երկու լեզուներն ալ կը շարունակեն գործել մեծ կենսունակութեամբ եւ բացառիկ նիշ ապահովել ամէնօրեայ կեանքի քննութեան մէջ: Անոնք մեր իրականութի՛ւնը կը ներկայացնեն: Աւելի՛ն. երկու լեզուներ ունենալու իրողութեան մէջ անպայման սխալ բան պէտք չէ տեսնել: Ընդհակառակն, զանոնք մեր հարստութեան եւ բարդութեան մէկ մասը կը համարեմ ես: Չմոռնանք նաեւ, որ մեր երկու լեզուները այնքան ալ տարբեր չեն իրարմէ, այն իմաստով, որ անոնք կը բխին նոյն գրաբարէն եւ կը սնանին նոյն արմատներէն: Վերջապէս, ես կը հաւատամ,  որ երկու լեզուներն ալ կը պատկանին բոլոր հայերուն` անկախ այն իրողութենէն, թէ անոնցմէ ամէն մէկուն  աւելի հարազատ լեզուն արեւելահայերէ՞նն է, թէ՞ արեւմտահայերէնը:

Պէտք է հասնիլ այն բանին, որ օր մը ամէն հայ նոյնքան «հանգիստ» զգայ թէ՛ արեւելահայերէնով եւ թէ՛ արեւմտահայերէնով,  նոյնքան հպա՛րտ` մեր երկու լեզուներով ստեղծուած գլուխ գործոցներով եւ նոյն գուրգուրանքով ընդունի այդ երկու լեզուները որպէս իր սեփական ժառանգութիւնը: Ասիկա պէտք է ըլլայ չափանիշը լեզուի ճակատին վրայ իրագործուող մեր ազգային միասնականութեան: Ու նաեւ` չափանիշը գրագիտութեա՛ն: Մեր կրթական համակարգերը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, պիտի հարստանան իրարմով, եւ թերեւս այն ատեն կարելի ըլլայ պատկերացնել, որ նման շաղախումով  բնականաբար ծնունդ  առնէ միասնական աշխարհաբարը, որուն կը ձգտինք: Ես ուրիշ ձեւ չեմ տեսներ: Միասնական լեզուն չի կրնար ծնիլ մտաւորականներու, խմբագիրներու եւ լեզուաբաններու որոշումով եւ բաղձանքով: Ան մանաւանդ չի կրնար ծնիլ պետական որոշումով:  Ան կրնայ ծնիլ երկու լեզուներու փոխներգործութեան բնական թափով:  Իսկ այդ թափը ստեղծելու համար հարկաւոր է ունենալ աւելի շփում, աւելի համատարած  գրագիտութիւն, աւելի ընդունող եւ ներառող մօտեցում:

Իսկ իմ արեւելահայերէնով գրելու պարագաս զուտ անձնական երեւոյթ է, կապուած` «Վերադարձ»-ի թեմային հետ: Իմ մայրենի լեզուս արեւմտահայերէնն է, որուն մսուրին մէջ աճած է իմ գիտակցական աշխարհս: Ես նաեւ յափշտակութեամբ սորված եմ արեւելահայերէնը` որպէս իմ ժողովուրդիս եւ իմ հարազատ լեզուն: Որպէս հայ` կ՛ապրիմ մեր ազգային իմացութիւնը ձեւաւորող այս երկու ուժականութիւններով: Այս է պարագան ամէն հայ գրողի: Խօսելով «Վերադարձ» խորագրով լոյս տեսած իմ ժողովածուիս մասին`  այստեղ լեզուն եւ նիւթը սերտօրէն կապուած են իրարու:  Նիւթը խօսած է ի՛ր լեզուով:  Իմ գրչի ընկերներս թող ներող ըլլան, եթէ այլ կերպ չկարենամ բացատրել այս փոխյարաբերութիւնը:

Գանք երկու ուղղագրութիւններու հարցին, որ կարգ մը ձեւերով շատ աւելի պարզ է եւ ուրիշ ձեւերով` աւելի բարդ:  Նախ` պարզ մասը:  Առանց այլեւայլի կամ երկմտանքի կրնամ ըսել, որ «աբեղեանական» ուղղագրութեան որդեգրումը ցաւալի հարուած էր մեր լեզուին:  Այս մէկը չեմ ըսեր մղուած միայն գաղափարական կամ զգացական հաւատարմութենէ մը մեսրոպեան ուղղագրութեան հանդէպ: Կ՛ըսեմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ մեր լեզուն կը կորսնցնէ իր նկարագրին կարեւոր մէկ մասը, եւ բառերը կ՛անջատուին իրենց կենսական արմատական իմաստներէն, երբ կը գրուին այդ ուղղագրութեամբ:

Բայց պէտք է ընդունինք այն իրողութիւնը, որ այսօր մօտ երեք միլիոն հայեր եւ Հայաստանի պետական համակարգը ընդունած եւ նուիրագործած են այդ ուղղագրութիւնը, կը մտածեն ու բառերը կը պատկերացնեն այդ ուղղագրութեամբ  եւ հայերու մեծ զանգուածի մը համար մեսրոպեան ուղղագրութիւնը դժբախտաբար կը թուի անընկալելի:

Եւ ճիշդ հոս է հարցը դժուարացնող մասը:  «Աբեղեանական» ուղղագրութիւնը ցաւալի ժառանգութիւն մըն է` մեզի փոխանցուած խորհրդային կարգերէն, բայց ան նաեւ արմատացած իրողութիւն մըն է այսօր Հայաստանի հասարակական կեանքին մէջ, որ կը կարօտի համազգային ուշադրութեան: Այս հարցը միայն հայրենիքի եւ սփիւռքի մտաւորականութեան չի պատկանիր, այլ` ամբողջ ժողովուրդի մը, որուն առօրեան իր բոլոր երեսներով խնդրոյ առարկայ է այս հարցին մէջ:  Եւ այս պարագային, եթէ մեր ցանկութիւնն է, որ հայրենիքը վերադառնայ մեսրոպեան ուղղագրութեան, ըստ իս մեծագոյն սխալը, որ կրնանք ընել, իրականութիւնը ուրանալն է: Երկրորդ մեծ սխալը պիտի ըլլայ անտեսել խնդրոյ առարկայ կողմին (Հայաստանի հայութեա՛ն) տեսակէտը այս հարցին մէջ կամ մեծամտօրէն  զիրենք մեղադրել այս կացութեան համար:

Ըստ իս, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ հաստատել փոխադարձ հաղորդակցութեան եզրերը այս հարցի կապակցութեամբ: Հարցը դուրս բերել զգացական ոլորտէն, եթէ նոյնիսկ ան խռովեցուցիչ է մեզի համար: Մեսրոպեան ուղղագրութեան ջատագովներու տպաւորիչ  հոյլ մը արդէն գոյութիւն ունի այսօր Հայաստանի մտաւորականութեան շարքերուն մէջ: Այս հողն է, որ պէտք է ընդլայնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան հարցը դրուի հանրային եւ գիտական քննարկման եւ ի վերջոյ ան վերածուի պետական եւ ազգային առաջնահերթութեան: Բնական է, որ սփիւռքը կարեւոր դերակատար ըլլայ այս մարզին մէջ եւ, առաջին հերթին, «Բագին»-ի պէս հանդէսներ զբաղին հարցին զանազան երեսներու պարզաբանումով:

Իմ համեստ սահմաններուս մէջ ես ուզած եմ, որ Հայաստանի մէջ հրատարակուած իմ առաջին ժողովածուիս մէջ նոյն բանաստեղծութիւնը երեւնայ երկու ուղղագրութիւններով  միաժամանակ: Ուզած եմ, որ հայրենի ընթերցողը զայն տեսնէ  երկու կենդանի նմուշներով կողք-կողքի:  Այս մեղանչում չէ՛մեր հարազատ ուղղագրութեան: Ես ուզած եմ մօտենալ իմ ընթերցողին եւ զինք մօտեցնել մեր հասարակաց արմատներուն: Երեք միլիոն ժողովուրդի որդեգրած կարգը անտեսելով եւ զիրենք մեր գործերէն բացառելով չէ, որ պիտի կարողանանք լուծել այս հարցը: Զիրենք բացառելով` մենք կը մեկուսացնենք նաեւ մեզ: Եւ հետզհետէ աւելի կը խորանայ այն խզումը, որուն դէմ կը փորձենք դուրս գալ:

Կ՛ուզեմ կարգախօսներու շարքին վրայ աւելցնել «մէկ առոգանութիւն»-ը:  Այս ալ իմ մասնագիտութիւնս չէ, բայց մենք` արեւմտահայերս, մեր այնքան սիրած ու պաշտպանած մեսրոպեան տառերը այսօր սխալ կը հնչենք:  Չեմ գիտեր, թէ ե՞րբ սկսանք Բ տառը հնչել որպէս P փոխանակ B-ի, կամ Դ-ն որպէս T փոխանակ D-ի, բայց այս շեղումը ես նոյնքան մտահոգիչ եւ բաժանող կը գտնեմ, որքան` ուղղագրութիւններու տարբերութիւնը:  Չկայ «Գագիկ» մը Հայաստանի մէջ, որ չսարսափի, երբ լսէ իր անունը մեր շրթներէն:  Մուսալեռցի ծնողներէս ինծի փոխանցուած աւանդական հնչիւնակարգը շատ փոքր առաւելութեամբ մը կ՛օժտէ զիս եւ իմ հայրենակիցներս, բայց` ո՛չ բաւարար: Հոս ալ մենք շատ գործ ունինք ընելիք:  Եթէ մենք պիտի պնդենք հաւատարիմ մնալ մեսրոպեան ուղղագրութեան, պէտք է նոյնպէս հաւատարիմ մնանք այն հնչիւնակարգին,  որուն վրայ հիմնուած է այբուբենը:

Ասոնք իմ մտքերս են եւ բնականաբար կրնամ սխալիլ: Կարեւորը այն է, որ բոլորս մօտենանք այս հարցերուն բաց մտքով եւ առանց կարծրատիպերու:  Չզրկե՛նք այս կարեւոր բանավէճը իր բարեխիղճ եւ անկեղծ մտաւորական խորքէն:  Հայ իրականութիւնը հսկայ եւ կենսական փոփոխութիւններու ենթարկուած է վերջին քսան տարիներու ընթացքին եւ ամէն հանրային խօսք ունեցող հայ մտաւորական պարտականութիւնը ունի այդ փոփոխութիւնները եւ իրականութիւնները հասկնալու:

Թշնամին ո՛չ արեւելահայն է եւ ո՛չ ալ իր ուղղագրութիւնը:  Առաջին թշնամին այն կռուազան մթնոլորտն է, որ ինքնաբերաբար կը խափանէ մեր անկեղծ, շինիչ եւ տեւական հաղորդակցութիւնը իրարու հետ:

 

Փետրուար, 2012

Share this Article
CATEGORIES