Լրագրող Մարդուժ Եւ Ընթերցող Մարդուժ («Ազդակ»-Ի 85-Ամեակին Առիթով)

«Ազդակ» այսօր դարձաւ  85 տարեկան: Տարին յոբելինական է ընդհանրապէս հայ մամուլին համար, որովհետեւ կը զուգադիպի հայկական տպագրութեան  500-ամեակին: Մամուլ, հրատարակչատուներ, մշակութային պետական հաստատութիւններ թէ միութիւններ հայկական աշխարհով մէկ կը նշեն յոբելեանը, հայ գրատպութեան կարեւորութիւնը անգամ մը եւս լոյսին բերելու եւ ժամանակակից խնդիրներու նկատառումով հայ գրքին ու մամուլին դիմագրաւած հարցերը քննարկելու եւ հետեւութիւններ կատարելու համար:

Հայ մամուլին խնդիրները բազմազան են: Այս սիւնակներէն տարբեր առիթներու ներկայացուած են անոնք` մեր կազմակերպ կեանքին առնչուած կարեւոր ոլորտի մը հարցերը հրապարակային քննարկումի ենթարկել տալու նպատակով:

Ամէնէն սուր եւ առաջնային կերպով արծարծուող խնդիրը մարդուժի պատրաստութեան հարցն է: Համալիր ծրագիր կ՛ենթադրէ անիկա: Հարցերը փոխկապակցուած են անշուշտ: Որեւէ արտադրութիւն իր շուկան ունի, եւ երբ սպառողի պակաս կ՛ըլլայ, բնականաբար արտադրանքի ծաւալը կը նուազի եւ արտադրանքին համար աշխատանքի հրաւիրուելիք մարդուժը տակաւ կը նօսրանայ: Շուկայական այս տրամաբանութիւնը որեւէ ձեւով մամուլին դերը զուտ առեւտրականացնելու միտում չունի: Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. երբ հայերէնի ընթերցանութիւնը կը նուազի, նոր ընթերցողներ չեն գրաւեր դաշտը, բնականաբար մամուլի, գէթ` տպագիր տարբերակին, տպաքանակը կը նուազի: Երբ տպաքանակը կը նուազի, մամուլի գովազդային շուկան կը սահմանափակուի, եւ երբ մուտքերու թիւերը կտրուկ կը նուազին, մամուլի աշխատակիցներուն վարձատրութիւններուն աստիճանաչափը անկում կ՛արձանագրէ, ինչ որ իր կարգին լրագրական ասպարէզը գրաւիչ չի դարձներ, եւ նորեր այդ ընտրանքին չեն դիմեր:

Այսպէս է, որ միջազգային հռչակ ունեցող թերթեր կը գուժեն իրենց մահուան մասին: Նախ կ՛ամփոփեն էջաթիւերը, կը կրճատեն իրենց անձնակազմերը, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ խորհրդանշական սակագիներով վաճառքի կը հանեն ամբողջ հաստատութիւնը եւ ապա կ՛անցնին պատմութեան` վերջնականապէս տեղափոխուելով արդէն իսկ ձեւաւորուած ու կայացած իրենց ելեկտրոնային տարածքները:

Հայ գրատպութեան տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս յայտնենք, որ հոսանքին դէմ թիավարել է հայ տպագիր մամուլի հրատարակութիւնը, ինչպէս ազգային համախումբ ու կազմակերպ կեանքի տարբեր ոլորտները` կրթականէն, մշակութային, անցնելով մարմնակրթականէն ու բարեսիրականէն: Առաջնային հիմնահարցին վրայ պէտք է կեդրոնանալ հայ տպագիր մամուլին հեռանկարները գծելու համար: Այդ առաջնահերթութիւնը մարդուժի պատրաստութիւնն է համակողմանիօրէն: Լրագրական հմտութեան առընթեր` լեզուամտածողութեան տիրապետում, հայկական հարցերու մասին խորքային տեղեկացուածութեան կողքին` միջազգային զարգացումներուն հետեւելու եւ զանոնք ընկալելու ընդունակութիւն եւ շատ ու շատ նման առաջադրելի յատկութիւններ: Արհեստավարժ աշխատելաեղանակի խնդիր է առաջադրուածը, որ տակաւին հիմնահարցին մէկ երեսն է: Այս բոլորը նոյնիսկ եթէ իրականանան, բաւարար չափերով, չեն արդիւնաւորուիր, եթէ չկայ նման մարդուժի արտադրածը սպառողը: Եթէ մէկ կողմէ հասարակական գիտակցութեան բարձրացման աշխատանք է պահանջուածը, միւս կողմէ` հայ հասարակութեան բազմակողմանի պատրաստուածութեան հրամայականն է: Այս բոլորը բնական կարգով եթէ չըլլան, կը մթագնի դարձեալ հայ գրատպութեան երկնակամարը: Կրթութիւն, դաստիարակութիւն, հայեցիութիւն, մամուլի գործիչներու պատրաստութիւն եւ ընթերցող հասարակութեան ձեւաւորման մեքենական ինքնաղեկավարուող համակարգ պէտք են` առնուազն բնական պայմաններու մէջ ապրեցնելու համար հայ տպագիր մամուլը:

Իրատեսական մօտեցումը պիտի համոզէ բոլորս, որ եթէ չբանի համակողմանի այս մեքենականութիւնը եւ բնական ընթացքի չվերածէ տարբեր ոլորտներու ներգրաւուածութիւնը առաջադրուած աշխատանքին, հայ մամուլի պարագայական յաջողութիւնը գեղեցիկ հրավառութեան մը կարճատեւ ազդեցութիւնը պիտի գործէ պարզապէս:

Մարդուժի պատրաստութիւնը ուրեմն միայն մամուլի գործիչ պատրաստելու հրամայականով պէտք չէ ընկալել: Ընթերցող մարդուժի պատրաստութիւնը եւս անշրջանցելի օրախնդիր է: Իսկ այս մէկը արդէն միայն մամուլին առաքելութիւնը չէ:

«Ազդակ» այսօր դարձաւ  85 տարեկան: Յոբելեանները միայն անցած եւ ներկան ուղին արժեւորելու առիթներ չեն. վաղուան օրուան մտածելու հիմնական պահեր են անոնք. իսկ մեր պատկերացուցած վաղը տեսնելու համար այսօր պէտք է մարդուժ պատրաստել: Թէ՛ լրագրող, հրապարակագիր մարդուժ եւ թէ՛ ընթերցող մարդուժ:

Share this Article
CATEGORIES