Տեսակէտ. Ցանկալին Իբրեւ Իրողութիւն Ներկայացնելու Իրերայաջորդ Սխալներ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէի հեղինակած Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման հոլովոյթը աւարտեցաւ: Այժմ արդէն կարելի է յետադարձ հայեացք նետել եւ կատարել որոշ նկատումներ` մանրամասնելով այն հարցը, որուն նախապէս մասնակի կերպով եւ ահազանգ հնչեցնելու մտադրութեամբ անդրադարձած էինք այլ յօդուածի մը մէջ:
Երբ 22 դեկտեմբեր 2011-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրեց նշեալ օրինագիծը, հայկական լրատուամիջոցներ յայտարարեցին, որ անիկա որդեգրուած է քուէներու «ջախջախիչ մեծամասնութեամբ»: Ճիշդ է, որ այդ եզրը որոշ ճշմարտութիւն մը կը պարունակէր, սակայն խաբուսիկ ճշմարտութիւն մըն էր, որովհետեւ ճշմարտութեան ճշգրիտ պատկերը չէր փոխանցեր: Իրականութեան մէջ ֆրանսացի երեսփոխաններուն նկատառելի մէկ մասը բացակայ էր նիստէն, եւ օրինագիծը որդեգրուած էր միայն նիստին մասնակից երեսփոխաններու քուէներուն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ: Դժբախտաբար այդ սխալը հետագային ոչ թէ սրբագրուեցաւ, այլ նշեալ օրինագիծին վերաբերող լրատուութիւններուն մէջ շարունակ կրկնուելով կատարեալ ճշմարտութիւն մը ըլլալու պատրանքի վերածուեցաւ:
Վերոնշեալ անփութութիւնը հետագային եւս շարունակուեցաւ, երբ 23 յունուար 2012-ին օրինագիծի 127 թեր եւ 86 դէմ քուէներով որդեգրումէն ետք, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ զայն վիճարկելու մտադրութեան լուրը: Հայկական լրատուամիջոցներ նշելէ ետք, թէ այդ քայլին դիմելու համար, ըստ օրէնքի, անհրաժեշտ է 60 երեսփոխանի կամ 60 ծերակուտականի ստորագրութիւնը հաւաքել, աւելցուցին, որ քուէարկութեան պատկերը նկատի ունենալով այդ մէկը քիչ հաւանական է: Ինչ որ խորհրդարանի երկու պալատներուն քուէարկութեան պատկերը կ՛անտեսէր եւ 127 թեր քուէներէն շլացած` որոշումին ընդդիմացող 86 ծերակուտականներու գոյութեան պայծառ իրողութիւնը չէր նկատեր: Բնականաբար շատեր հիասթափուեցան, երբ որոշումը Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկելու դիմումնագիրը ստորագրուեցաւ թէ՛ 65 երեսփոխաններու եւ թէ՛ 76 ծերակուտականներու կողմէ:
Հայկական լրատուամիջոցներուն 22 դեկտեմբեր 2011-էն ետք թոյլ տուած անփութութիւնը փոքր ձիւնագնդակ մըն էր, որ սակայն մեծցաւ, երբ հայկական լրատուամիջոցները յամառօրէն շարունակեցին ցանկալին իբրեւ իրողութիւն ներկայացնող եւ հայ հասարակութեան մօտ սխալ տպաւորութիւն յառաջացնող իրենց ընթացքը: