ՇԱՐԹԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿՐԿԻՆ Կ՛ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻ ԻՐ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

«Շատ կ՛ափսոսամ, որ ուշ ճանչցած եմ Շարթը», երէկ երեկոյեան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ Շարթի ցուցահանդէսի բացման առիթով ըսաւ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն. «Հպարտ եմ, որ այսպիսի հռչակաւոր գեղանկարիչ մը ծագումով լիբանանցի է: Ցուցադրուած գեղանկարներէն յայտնի է, որ Շարթ մարդկային ապրումները վերարտադրելու մեծ վարպետ մըն է. կրնանք ըսել, որ բնութեան հաւասար մարդկութիւնը յուզած ու հետաքրքրած է զինք», աւելցուց Լիբանանի մշակոյթի նախարարը:

Շարթի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ նախարարներու, բարձրաստիճան հիւրերու, Շարթի արուեստի երկրպագուներու եւ ի հարկէ` օրուան հիւրերուն` յատուկ ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելու համար Փարիզէն ու Լոնտոնէն ժամանած Րաֆֆի եւ Փաթրիք Շարթերու:

Նախարար Կապի Լայեուն

Շարթի որդիները նամակ մը պատրաստած էին` ուղղուած բոլոր այն մարդոց, որոնք տարիներու ընթացքին արժեւորած են Շարթի արուեստը, որոնց շնորհիւ Շարթ գտած է իր արժանի տեղը իր ծննդավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնած են անոր յիշատակին նուիրուած այս ցուցահանդէսը: Ինչպէս «Ազդակ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Րաֆֆի Շարթ, թէ՛ իր, թէ՛ եղբօր համար շատ դժուար պիտի ըլլար նման յուզիչ միջավայրի մը մէջ կարդալ իրենց սրտի խօսքը, այդ պատճառով ալ նամակը կարդաց Րաֆֆի Շարթի կինը` Մարի-Թերեզ Շարթ:

«Սըրսոք» թանգարանի տնօրէն, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի յանձնախումբի անդամ Սիլվա Աճեմեան, իր խօսքին մէջ արժեւորելով Շարթ արուստագէտն ու անոր արուեստը, նշեց, որ ներկայացուած գործերը լաւագոյն պատկերացումը կու տան Շարթի անցած ճամբուն մասին: «Այս ցուցահանդէսը կը յիշեցնէ Շարթի` տասնեակ տարիներ առաջուան զանազան ցուցահանդէսները, որոնք տեղի ունեցած են Լիբանանի մէջ: Անոր գեղանկարներուն մէջ լաւագոյն ձեւով համադրուած են թեքնիքը, գոյներն ու ըսելիքները: Ծնած ըլլալով Լիբանանի մէջ` Շարթ իր տեղը գտած է լիբանանեան հաւաքածոներու մէջ, միաժամանակ մնալով «Էքոլ տը Փարի»-ի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն», ըսաւ Սիլվա Աճեմեան: Ան Շարթը նկատեց Ֆիկիւրաթիւ արուեստի նոր շրջանի կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը` աւելցնելով, որ անոր ձեռագիրը կ՛երեւի թէ՛ իւղաներկերուն, թէ՛ ջրաներկերուն եւ թէ՛ մատիտանկարներուն մէջ:

Հաւաթեան Համազգայինի յուշանուէրը կը յանձնէ Շարթ եղբայրներուն

«Ազդակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին իր զգացողութիւնները արտայայտեց նաեւ Փաթրիք Շարթ. «Մենք երկուքս ալ շատ զբաղած էինք, բայց հակառակ ատոր, ամէն ջանք ըրինք, որ գանք: Եկանք եւ համոզուեցանք, որ լաւ ըրած ենք, որ եկած ենք: Վերջապէս հասկցանք, թէ ինչո՛ւ իւրայատուկ տեղ մըն էր Լիբանանը մեր հօր համար: Ան նոյնիսկ Փարիզի մէջ մեծ ճանաչում ունենալով, երբեք չէր մոռնար Պէյրութը, իր հայեացքը միշտ ուղղուած էր դէպի Պէյրութ եւ մինչեւ իր վերջին վայրկեանն ալ համոզուած էր, թէ օր մը նորէն հոս պիտի գայ եւ նորէն իր գործերը պիտի ցուցադրուին: Յիշատակի այս ցուցահանդէսը ձեւով մը եղաւ իր փափաքի իրականացումը», ըսաւ Փաթրիք Շարթ, որ նոյնպէս կը գծէ` խոստովանելով, որ այդ շնորհը ժառանգած է իր հօրմէն: Փաթրիք այսօր կը համագործակցի երաժշտական թատերական եւ շոու պիզնըսի մեծ ընկերութիւններու հետ` հանդէս գալով իբրեւ արտադրիչ: Իսկ Րաֆֆի Շարթ բեմադրիչ է` «Կնոջս անունը Մորիս է» ծանօթ թատերգութեան հեղինակը:

Շարթի որդիները Համազգայինի կողմէ պարգեւատրուեցան յուշանուէրով մը:

Ինչպէս նշեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, այս ցուցահանդէսով չ՛աւարտիր Շարթի գործերը արուեստասէրին ներկայացնելու Համազգայինի նախաձեռնութիւնը: Յառաջիկային «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կրկին բացումը պիտի կատարուի ցուցահանդէսի մը` Շարթի յետմահու առաջին ցուցահանդէս վաճառքը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին մեծ գեղանկարիչի` տակաւին չցուցադրուած իւղաներկ գործերու հաւաքածոյ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES