Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ «Տարեցներու Լսողութեան Խանգարումներ» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 փետրուար 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու լսողութեան խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց քիթի, ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան:
Դասախօսութեան սկիզբը սննդագէտ օրդ. Մարիա Թէքէեան ներկայացուց սննդականոնի հետ առնչուած շարք մը գիտելիքներ, որոնք առողջ երկարակեցութեան անհրաժեշտ տուեալներ են:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ ականջը շատ նուրբ եւ բարդ գործարան մըն է: Ականջի դերն է լսողութիւնը եւ մարմնի Ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը պահպանել, կ՛ազդուի բարձր ձայներէ, կրնայ վարակուիլ այլազան ախտերէ: Ահա այս վիճակները եւ այլ պայմաններ մեզ պէտք է անպայման ուղղեն մասնագէտ բժիշկի` ստանալու համար համապատասխան դարմանը:
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան դասախօսութեան սկսաւ շեշտելով նմանօրինակ բժշկական առողջապահական նիւթերու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկիրներու պարագային: Ան յայտնեց, որ ըստ համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան, 2025 թուականին աշխարհի տարածքին մօտաւորապէս 1.2 միլիառ մարդ պիտի ըլլան 60 տարեկանէ վեր:
Դասախօսը յաջորդ բաժինով բացատրեց, թէ ինչի՛ արդիւնք է ծերութիւնը: Առաջին պատճառը կրնայ ըլլալ բնախօսական տուեալներէ մեկնած, երկրորդը` թթուածինի պակասը: Ականջը իբրեւ մէկ անդամ ինքն ալ աստիճանաբար մարմնին հետ «պիտի ծերանայ»` ունենալով տարբեր խանգարումներ, յատկապէս ծերութեան շրջանի լսողութեան խանգարում:
Լսողութիւնը տարիքի հետ աստիճանաբար կը նուազի, այդ ըլլալով բնական ընթացք, բայց նաեւ կան տարբեր ազդակներ, որոնք պատճառ կը դառնան լսողութեան աստիճանական նուազումին, օրինակ` շարունակաբար շրջապատի բարձր աղմուկին ենթակայ դառնալը, ապրելաձեւը, ուտելիքը, մարզանքը, բոլորը ունին իրենց ազդեցութիւնը տարիքի հետ առնչուած լսողութեան խանգարումներուն հետ:
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան շարունակելով դասախօսութիւնը սահիկներու օժանդակութեամբ մանրամասնօրէն բացատրեց ականջի կառոյցը եւ ամէն մէկ բաժինի պարտականութիւնը լսողութեան ու մարմնի հաւասարակշռութիւնը պահելու աշխատանքին մէջ:
Ինչո՞ւ լսողութիւնը աստիճանաբար կը նուազի. ատիկա կրնայ ըլլալ օթոսքլերոսիսի պատճառով, երբ միջին ականջի երրորդ ոսկորին` ասպանդակին շուրջ կիր կը հաւաքուի: Ասիկա կիներուն մօտ աւելի կը շեշտուի իբրեւ դաշտանադադարի արդիւնք: Իսկ նիւրոսենսըրի ականջի չորացումը կը պատահի յարաբերաբար տղամարդոց մօտ:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց ականջի լսողութեան խանգարման ախտաճանաչման երկու միջոցներ/գործիքներ:
1. Օտիոկրամ
2. Թիմփանոկրամ
Այս երկու միջոցներով մենք կրնանք կատարել ճիշդ ախտաճանաչումը, թէ լսողութեան խանգարման պատճառը ականջի ո՛ր բաժինին հետ առնչուած է, հետեւաբար բուժումը կ՛ըլլայ աւելի յստակ ու արագ:
Ի՞նչ յաճախականութեամբ պէտք է կատարել ականջի լսողութեան ստուգումները:
Առաջինը. Օթոսքոփի` ականջի ընդհանուր ստուգում տարին անգամ մը:
Երկրորդը. Օտիոթիփանոմեթրի,
ա.- 60-65 տարիքի միջեւ` երկու տարին անգամ մը:
բ.- 66-70 տարիքի միջեւ` տարին անգամ մը:
գ.- 70 տարեկանէ վեր` վեց ամիս անգամ մը:
Վերջին բաժինով տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան ներկայացուց բուժման երկու միջոցներ:
ա- Դեղով բուժում:
բ- Գործողութիւն:
Մասնագէտ բժիշկը ինք կը ճշդէ բուժման միջոցի ընտրութիւնը:
Աւարտին տոքթ. Փանոսեան պատասխանելով ներկաներուն հարցումներուն տուաւ համապատասխան բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ: