Այսօր` «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Կիսամեայ Ցուցահանդէսին Բացումը
Այսօր` ուրբաթ, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կիսամեայ ցուցահանդէսի բացումը: Պիտի ցուցադրուին դպրոցին բոլոր աշակերտներէն գործեր, որոնց ընդմէջէն պիտի ցոլան անոնց տաղանդն ու ոմանց «առաջին քայլերը»:
Նման ցուցահանդէսներ առիթ են մանուկներու եւ պատանիներու տաղանդներուն քաջալեր հանդիսանալու, անոնց աշխարհին մէջ մտնելու, այդպիսով հասկնալու անոնց զգացումները:
Դպրոցին պատասխանատուները կոչ ուղղեցին լիբանանահայ մանուկները 5 տարեկանէն սկսեալ ուղարկելու «Թորոս Ռոսլին» դպրոց, ուր անոնց տաղանդը աւելի եւս ի յայտ պիտի գայ եւ պիտի զարգանայ, մանաւանդ որ փոքր տարիքէն նման կառոյցներ առաջնորդելով մանուկները, անոնց մօտ թաքնուած տաղանդն ու կարողութիւնները կը բացայայտուին:
Կերպարուեստի եւ գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ մտնելով փոքրիկը աւելի եւս գոյներու ճաշակ կ՛ունենայ, երեւակայութիւնն ու արտայայտչաձեւերը կը զարգանան:
«Թորոս Ռոսլին» դպրոցը նաեւ յատուկ դասընթացքներ կազմակերպած է այն անձերուն, որոնք ընթացիկ դպրոց յաճախելու տարիքը շրջանցած են, սակայն կ՛ուզեն գծագրութիւն սորվիլ:
Ապագայի ծրագիրներու իմաստով դպրոցը կազմակերպած է միջդպրոցական գծագրական մրցում մը, պիտի ունենայ նաեւ արտադպրոցական աշխատանքներ, ցուցասրահներ այցելութիւններ եւ այլն: