ՖԻՏԷ-ի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ` Հայաստան 4-րդ Դիրքին Վրայ, Իսկ Լեւոն Արոնեան` 2-րդ
Երէկ` հինգշաբթի, 1 մարտին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց ազգային խումբերուն եւ անհատներուն ճատրակի միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը նոր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2659 կէտ:
Հայաստանի գրաւած այս դիրքին մէջ նկատի առնուած են անոր ունեցած 33 կրանտմասթըրներուն եւ 22 միջազգային վարպետներուն արձանագրած արդիւնքները:
Ռուսիա 2744 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, Ուքրանիա 2697 կէտով` 2-րդ դիրքը, իսկ Չինաստան, 3-րդ դիրքը` 2661 կէտով: Առաջին տասնեակին մէջ են Հունգարիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ, Հնդկաստան եւ Ազրպէյճան:
Ինչ կը վերաբերի տղոց անհատական դասաւորումին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 2820 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է նորվեկիացի Մակնիւս Քարքսըն (2835): Վլատիմիր Քրամնիք (Ռուսիա) 2801 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Սերկէյ Մովսիսեան 2702 կէտով կը գրաւէ 41-րդ դիրքը: Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Վլատիմիր Յակոբեան (64-րդ, 2684 կէտ) եւ Գաբրիէլ Սարգսեան (72-րդ, 2674 կէտ):
Ստորեւ կու տանք հայրենի վարպետներուն նոր դասաւորումը.
———- ԿԷՏ
1.- Լեւոն Արոնեան 2820
2.- Սերկէյ Մովսիսեան 2702
3.- Վլատիմիր Յակոբեան 2684
4.- Գաբրիէլ Սարգսեան 2674
5.- Տիգրան Լ. Պետրոսեան 2643
6.- Հրանդ Մելքումեան 2628
7.- Արման Փաշիկեան 2618
8.- Զաւէն Անդրէասեան 2616
9.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան 2600
10.- Աւետիք Գրիգորեան 2600
11.- Սամուէլ Տէր Սահակեան 2578
12.- Սմբատ Լպուտեան 2574
13.- Ռաֆայէլ Վահանեան 2570
14.- Աշոտ Անաստասեան 2540
15.- Յովհաննէս Դանիէլեան 2530
16.- Տիգրան Քոթանճեան 2522