Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի քարիւղի հարստութիւնը կը ծածկէ լիբանանեան պետական գանձարկղին դիմագրաւած նիւթական բացը: Ան նշեց, որ այդ հարստութիւնը Աստուծմէ է, իսկ անոր պահպանումը Դիմադրութեան ջանքերով կարելի կը դառնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ մազութի հարցով ինք յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին գրաւոր հարցապնդում մը պիտի ուղղէ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլին:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ կ՛արժէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արդարութեան նախարարութիւնը կը պատրաստէ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին մէջ դատաւորներուն թիւը աւելցնելու յատուկ օրինագիծ մը»:
ԸՍՏ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Կիպրոս կատարած իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ իսկոյն պիտի անցնի նիւթական թղթածրարներուն լուծման:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ մազութի աւազակութեան հարցին մեղսակցած են նաեւ վառելանիւթի ընկերութիւններ, որոնք Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հովանաւորութիւնը կը վայելեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը գտնուի նոր հանգրուանի մը դիմաց: Ան շեշտեց, որ նիւթական հարցերուն վերաբերող թղթածրարներուն լուծման հիմնական միջոցը խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած տեսակէտին գործադրումն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ նախկին ընդհանուր քարտուղար շէյխ Սուպհի Թուֆայլի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը վերջ գտաւ 1996-ին, երբ Իսրայէլի կողմէ առաջարկուած ծրագիր մը ընդունուեցաւ Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ: Ան կոչ ուղղեց Հըզպալլայի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած յանցագործները յանձնելու Միջազգային դատական ատեանին եւ շեշտեց, որ 7 մայիսին Հըզպալլայի կողմէ Դիմադրութեան զէնքը Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի սրտին դէմ ուղղելը ամօթալի եւ ցաւալի արարք մը կը նկատուի:
ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ յառաջիկայ կիրակի օր տեղի ունենալիք նստացոյցը խաղաղ բնոյթ ունի եւ լիբանանեան առումով ոչ ոքի դէմ ուղղուած է: Ան նշեց, որ իրենք պիտի բողոքեն սուրիացիներուն դէմ գործուող բռնարարքներուն եւ սպանդներուն դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ արաբները պէտք է իրենց ուժերը Սուրիա գործուղեն, նոյնիսկ եթէ այդ քայլին հետեւանքը համաշխարհային պատերազմ ըլլայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ առանց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերուն` քարիւղի պեղման վերաբերող օրինագիծին մշակումը կարելի պիտի չըլլար:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը այժմ աշխատանքի նոր ոգի եւ նոր ծրագրաւորում ունի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութիւնը Լիբանանի տնտեսական կացութեան համար դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ երկրին կացութիւնը բարելաւելու աշխատանքին:

