Փլամպլի. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Գաղթականներուն Համար Գաղթակայաններ Հիմնելու Նպատակ Չկայ»
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ իր պարտականութիւնը հիմնական երկու աշխատանքներու վրայ կը կեդրոնանայ:
Ան հաստատեց, որ այդ պարտականութիւններէն մէկը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վրայ կը կեդրոնանայ, իսկ միւսը Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի պատկանող տարբեր կազմակերպութիւններու աշխատանքը համադրելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ կազմակերպութիւններուն մէջ հազարաւոր պաշտօնեաներ կ՛աշխատին:
Միւս կողմէ, Փլամպլի մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կրնան իրենց ժխտական ազդեցութիւնները ունենալ Լիբանանի վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանան երբեք նպատակ չունի սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ հիմնել:
CATEGORIES Լիբանանեան

