Պան Քի Մուն Կը Զգուշացնէ Լիբանանի Կայունութեան Վրայ Սուրիոյ Իրադարձութիւններուն Ունենալիք Հաւանական Ազդեցութենէն

Պան Քի Մուն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր ներկայացուցած տեղեկագիրին մէջ զգուշացուց Լիբանանի կայունութեան վրայ Սուրիոյ միջադէպերուն ունենալիք հաւանական ազդեցութենէն:

«Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն եւ զինեալ միջադէպերուն շարունակութիւնը բաւական մտահոգիչ է, եւ անոնք կրնան իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի վրայ, ուր կը տիրէ ապահովական խախուտ կայունութիւն», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ:

Քի Մուն իր տեղեկագիրին մէջ նշեց, որ Սուրիա Հիւսիսային Լիբանանի հետ իր սահմանամերձ շրջանները ականած է` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով սուրիացիներ Սուրիոյ միջադէպերէն փախչելով կ՛ուղղուին դէպի Լիբանան:

Այս շրջագիծին մէջ, Քի Մուն կոչ ուղղեց Սուրիույ յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնն ու ապահովութիւնը:

Անդրադառնալով թիւ 1701 բանաձեւին` Քի Մուն յայտնեց, որ այդ բանաձեւին գործադրութեան առումով լուրջ արդիւնքներ չեն արձանագրուած, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Իսրայէլին իր ուժերը հեռացնելու հիւսիսային Ղաժարէն եւ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքէն, ինչպէս նաեւ կասեցնելու Լիբանանի վերեւ իր գործած թռիչքներն ու կեղծ յարձակումները:

«Հըզպալլայի եւ զինեալ այլ խմբաւորումներու զէնք ունենալու իրականութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան դէմ մնայուն սպառնալիք կը նկատուի», ընդգծեց Քի Մուն:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ Քի Մունին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ Իսրայէլի գործած  ոտնձգութիւններուն: Ան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին օժանդակելու լիբանանեան բանակին եւ անոր դերակատարութեան ամրապնդումին, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել լիբանանցիներն ու լիբանանեան հողերը:

Նամակին մէջ Սալամ աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ կ՛ունենայ ռազմավարական շարք մը խորհրդակցութիւններ, որպէսզի աստիճանաբար իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ հարաւի մէջ:

ՆՇԵՆՔ, որ ՄԱԿ նախանցեալ օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ նշանակուած է քանատացի օրէնսգէտ Նորմըն Ֆերրըլը:

Share this Article
CATEGORIES