Սլէյման Ֆրենժիէ Ընդունեց Զասպիքինը
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ժողովուրդներուն առիթ պէտք է տալ ազգային ինքնորոշման իրենց իրաւունքը օգտագործելու առանց արտաքին միջամտութեանց:
Զասպիքին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական լուծումներ փնտռել եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանել` վերջ տալով ոճիրներուն, աւազակութեան եւ բոլոր հարցերուն քաղաքականացումին:
Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կառչած կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ միասնականութեան զօրակցելու իր կեցուածքին:
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Զասպիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն գործած բռնարարքներուն եւ վայրագութեան վերջ տալու: