Խորհրդարանի Նախագահը Կը Շարունակէ Կիպրոս Իր Այցելութիւնը

Պըրրի` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ ունեցած ընդարձակ հանդիպման ընթացքին

Շարունակելով Կիպրոս կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարսուլիսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Ինիաքես Օմիրու ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ ընթրիքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ մաղթեց, որ Կիպրոս օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ ծովային սահմանագծում կատարել, ինչպէս նաեւ երկկողմանի բարեկամութիւնը ամրապնդել:

Իր կարգին, Օմիրու շեշտեց, որ Կիպրոս կը շարունակէ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նեցուկ կանգնիլ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ յուլիսի սկիզբը Կիպրոս պիտի նախագահէ Եւրոպական Միութեան եւ յաւելեալ զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Լիբանանին:

ՆՇԵՆՔ, որ Պըրրի երէկ խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ հինգշաբթի, 8 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր:

 

Share this Article
CATEGORIES