«Լիբանան Մնայուն Կերպով Պատասխանատու Գտնուած Է Իր Յանձնառութիւններուն» Յայտարարեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախկին վարչապետներու հետ հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըս, Օմար Քարամէ եւ Ֆուատ Սինիորա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Տար Ֆաթուայի թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի Հըսին, Քարամէին եւ Սինիորային ներկայացուց իր պատկերացումը Տար Ֆաթուայի վերաբերող բարեկարգումներուն մասին:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ` նկատի ունենալով, որ բոլորին նպատակը բարի է:
Ան շեշտեց, որ այս հանդիպումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Տար Ֆաթուան բարեկարգելու բոլոր ծրագիրները գործադրել:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին, վարչապետ Միքաթի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ Լիբանանեան-սէուտական տնտեսական եւ առեւտուրի համագումարին բացումը կատարեց:
Իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրին ընդմէջէն յայտարարած է մեծ թիւով տնտեսական քայլեր` հիմնական նպատակ ունենալով քաջալերել Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու միջավայրը եւ ընդհանուր մթնոլորտը:
«Եթէ Լիբանանի մէջ տնտեսական աճ կ՛արձանագրուի, ապա անիկա կը պարտինք երկրին մէջ տնտեսութեան մարզին ազատութեան եւ զայն կայուն պահելու անձնական նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետ Միքաթի դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ դրամատնային մարզը իր կարգին հաւատարիմ ու պատասխանատու կը մնայ իր յանձնառութիւններուն:
Ան ողջունեց Լիբանանի մէջ գտնուող սէուտցիները` աւելցնելով, որ անոնց հետ Լիբանան ունի սիրոյ եւ եղբայրութեան պատմական յարաբերութիւններ, որոնք մնայուն են եւ ամէն անգամ նոյն դրուատիքին կարիքը չունին:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան իր ապահովութիւնը կը պարտի ՍԷուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, եւ պէտք է մնայուն կերպով շեշտել, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կան տնտեսական ամուր յարաբերութիւններ, որոնք աւելի եւս պիտի ամրապնդուին ու զարգանան:
Վարչապետը իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ Արաբական գարուն»-ը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ արաբական եւ լիբանանեան տնտեսութեանց վրայ:
ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետարանի աղբիւրներ հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ վարչապետը երէկ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն պիտի ստանձնէր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ եւ Ժորժ Հաուիի սպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Էլիաս Մըրի եւ Մարուան Համատէի դէմ գործուած մահափորձերուն վերաբերող նախնական ամբաստանութիւնը:


