Լիբանանը Կ՛Ենթարկուի Այլ Ձիւնամրրիկի Մը Հարուածին

Լիբանանը դարձեալ ծածկուած է սպիտակով, որովհետեւ ան անգամ մը եւս կ՛ենթարկուի այլ ձիւնամրրիկի մը հարուածին:

Սակայն այս անգամ Լիբանանի միայն լեռնային շրջանները չէ, որ ծածկուած են, այլեւ` ծովէն 400-500 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջանները, ուր ձիւնին գոյութիւնը արտասովոր եղած է նախորդ տարիներուն ընթացքին:

Աւելի՛ն. տակաւին կ՛ակնկալուի, որ ծովուն մակերեսէն 300 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղայ եւ փակէ նաեւ տարբեր գիւղաքաղաքներուն ճամբաները:

Միւս կողմէ, լիբանանեան տարբեր գիւղերուն մէջ ճամբաները փակուեցան` արգելք հանդիսանալով քաղաքացիներուն երթեւեկին:

Ներքին ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը արգիլեցին ինքնաշարժները յառաջանալէ` կանխարգիլելու համար հաւանական փորձանքները:

Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին օդերեւութաբանական գրասենեակը կոչ ուղղեցին բոլոր քաղաքացիներուն, յատկապէս անոնց, որոնք գիւղերը պիտի բարձրանան` հետեւելու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ երթեւեկի պատասխանատու քաղաքապետական ոստիկանութեանց ցուցմունքներուն:

Նշենք, որ բոլոր շրջաններուն մէջ քաղաքապետարաններն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրին օժանդակելու համար ձիւնին մէջ մնացած քաղաքացիներուն:

Ձիւնամրրիկը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ:

 

Share this Article
CATEGORIES