Աբխազիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն 11 Հայ Թեկնածու
10 մարտին Աբխազիոյ մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 11 հայեր:
«Vz.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ընդհանուր առմամբ խորհրդարանին մէջ 35 երեսփոխան պիտի ըլլայ, իսկ թեկնածու արձանագրուած են 150 անձեր` 125 աբխազներ, 11 հայեր, 8 ռուսեր, 2 յոյներ, 2 վրացիներ, ինչպէս նաեւ մէկական օս եւ քապարտինցի:
CATEGORIES Հայկական

