50 Տարի Առաջ (3 մարտ 1962)

ԼՕԽ-ի Ձեռնարկները

Տոքթ. Մ. Էպլիղաթեանի
Դասախօսութիւնը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տեղական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած դասախօսական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 23 փետրուարին, ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ժողովրդային տան մէջ: Սրահը լեցուած էր անդամուհիներով եւ համակիրներով. դասախօսն էր տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, նիւթ ունենալով` «Արդի գեղագիտական վիրաբուժութեան կարելիութիւնները»:

Յարգելի դասախօսը կրցաւ եւ դիւրըմբռնելի ոճով տալ ձեւատու վիրաբուժութեան եւ անկէ հետեւող գեղագիտական վիրաբուժութեան կարելիութիւնները եւ օգտակարութիւնները մարդկային կեանքին մէջ:

Մեկնելով այն իրողութենէն, որ` «Մարդկային խմբաւորումի մը անդամները պարտաւոր են արտաքին միօրինակ երեւոյթ ունենալ», յարգելի դասախօսը ուզեց այս առնչութեամբ շարունակականութիւն մը տեսնել հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը տեւող նոյնանման մտահոգութիւններու, որով մարդկային կեանքը տնօրինուած է, որմէ շեղում մը նկատուած է ապօրինութիւն եւ ըստ այնմ պատժի ենթարկուած:

Որով «Արտաքին միօրինակ երեւոյթի» այս օրէնքէն է մղուած նաեւ ձեւատու գեղագիտական վիրաբուժութիւնը, որուն հիմնական սկզբունքը եղած է ոչ թէ գեղեցկացնել, այլ մարդկային բնականոն երեւոյթ տալ մարմնի արտաքին կերպարանքին վրայ ի ծնէ թէ արկածով յառաջացած բոլոր տեսակի շեղումներուն: Ան տուաւ կարեւոր յատկանիշները գեղագիտական վիրաբուժութեան, որն է` անսովոր կէտ մը սրբագրել, եւ որ անհրաժեշտութիւն մըն է անձին համար, ուր գեղեցիկը, որ յարաբերական է, խնդրոյ առարկայ չէ, այլ բուժումը որպէս հոգեբանական պահանջ մը, իսկ դարմանումը բարոյական եւ հոգեկան շահ կ՛ապահովէ անձին եւ թոյլ կու տայ անոր ընկերային կեանքին մէջ ինքնավստահ մուտք մը:

Դասախօսին կողմէ ցուցադրուեցան նկարներ, որոնք ցոյց կու տան գեղագիտական վիրաբուժութեան գործնական արդիւնքները:

Դասախօսութենէն ետք ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն դասախօսը տուաւ գոհացուցիչ պատասխաններ:

Հաւաքոյթի վերջաւորութեան եղաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, ներկաները շատ գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան` խնդրելով վարչութենէն, որ յաճախակի դարձնեն նման օգտակար ձեռնարկներ:

Նոյն իրիկունը, տոքթ. Մ. Էպլիղաթեան, լիբանանեան հեռատեսիլի բժշկական յայտագրի բաժնին մէջ, տուաւ շահեկան տեղեկութիւններ գեղագիտական բժշկութեան մասին` ցուցադրելով նաեւ հետաքրքրական նկարներ:

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, թէ հեռատեսիլի վարչութիւնը խնդրած է յարգելի բժիշկէն ուրիշ առիթով մը եւս յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալ իր մասնագիտութեան մասին, որ այնքան մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է հանրութեան մօտ:

Թղթակից

Բուժարանի Օր

Վաղը` կիրակի, 4 մարտ, Պէյրութի հայութիւնը նուիրական պարտք մը ունի կատարելիք Ազունիէի Ազգային բուժարանին հանդէպ:

Բուժարանի խնամակալ վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Բարեկենդանի առիթով, ի նպաստ բուժարանին տարեկան հանգանակութիւն մը պիտի կատարուի ըստ ընկալեալ սովորութեան:

Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս նուիրահաւաք յանձնախումբեր պիտի շրջին թաղէ թաղ, պիտի մտնեն ամէն հայու տուն` ստանալու համար մեր հայրենակիցներուն սրտաբուխ նուէրները` հաստատութեան մը, որ հայութեան բոլոր հատուածներուն եւ հոսանքներուն սրտին կը խօսի հաւասարապէս` իբրեւ մեր ժողովուրդին պատիւ բերող ձեռնարկ:

Լիբանանի առողջարար եւ կենսատու բարձունքներէն մէկուն վրայ բուժարանը տարիներէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ` ստոյգ մահէ փրկելով ոչ միայն մեր հայրենակիցները, այլ նաեւ` արաբական հիւրընկալ ժողովուրդներու զաւակներէն շատեր, որոնք կը դիմեն հոն` իրենց ցաւին դարման գտնելու համար:

Բուժարանը այն հաստատութիւնն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կանգուն կը մնայ եւ տարուէ տարի վերելք կ՛արձանագրէ մի միայն հայ ժողովուրդին զոհողութեան գնով, Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ հեռաւոր ամերիկաները:

Վաղուան հանգանակութիւնը, շօշափելի նպաստ մը բերելով հանդերձ բուժարանին, բաղդատած անոր տարեկան պիւտճէին, խորհրդանշական արժէք կը ներկայացնէ առաւելաբար, ցոյց տալու համար, թէ հայ ժողովուրդը որքա՜ն կապուած կը մնայ անոր, իր սրտին որքա՜ն մօտ կը զգայ անոր կատարած գործը, որ վեր կը մնայ ամէն գնահատանքէ:

Այս տողերը, որոնք պարզապէս կը գրուին յիշեցումի համար եւ գնահատութեան իբրեւ անկեղծ արտայայտութիւն, նպատակ չունին ծանօթացնելու բուժարանը, որ այնքան ծանօթ է մեր հասարակութեան, տարիներու արդիւնաւոր գործունէութեամբ եւ մեր գաղութին պատիւ բերող արդիական սարքաւորումներով:

Կասկած չկայ, թէ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մեր բոլոր հայրենակիցները անխտիր, սիրայօժար պիտի բերեն իրենց մասնակցութիւնը վաղուան հանգանակութեան եւ իրենց լիառատ նուիրատուութեամբ, ցաւ մը դարմանելու, արցունք մը սրբելու հոգեկան բաւարարութիւնը պիտի ունենան:

Հանգանակիչ յանձնախումբերը այս վստահութեամբ պիտի դիմեն իւրաքանչիւր հայու` շատ լաւ գիտնալով, որ բոլոր դռները պիտի բացուին իրենց առջեւ, եւ դռներուն հետ` սրտերը:

 

Share this Article
CATEGORIES