Գեղանկարիչ Անի Քիւրքճեանի Անհատական Ցուցահանդէսը` «Ժիոմեթրի Մաքապր» Խորագիրով

24 փետրուարին Ֆըրն Շըպպեքի «Մեզոն Տիւ Սոմելիէ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Անի Քիւրքճեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումը` «Ժիոմեթրի Մաքապր» խորագիրով: Ներկայացուած էին 29 պաստառներ` փասթել եւ աքրելիք:

Նախորդ ցուցահանդէսներուն նման այստեղ եւս կը գտնենք Անի Քիւրքճեանի իւրայատուկ կերպարները` իրենց անհանգիստ դիրքերուն մէջ: Կարգ մը պաստառներու մէջ շեշտուած են կերպարներուն լեզուները, որոնցմէ ոմանք կը կրեն օղեր, ոմանք ծակած են նետով, կամ կ՛երկարին դէպի երկինք, կարծէք բառ մը արտայայտելու ձախող ջանք մը կատարելով:

Լեզուն արուեստագէտին համար կը խորհրդանշէ հաղորդակցութիւնը, որ ըստ անոր, մարդը զանազանող հիմնական յատկանիշն է: Բերնին վրայ կեդրոնացումը շատ մեծ է արուեստագէտին քով, որ հոն կը գտնէ հոգեբանական եւ աստուածաբանական խորհրդանիշներով լեցուն հարուստ հող մը: Ցուցահանդէսին ցուցադրուած գործերուն մէջ կը տիրապետէ բաց վարդագոյնը, որուն կողքին անպայման կը գտնենք որոշ տոկոսով սեւ գոյնը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 15 մարտ եւ բաց է ամէն օր ժամը 10:00-1:00 եւ 2:00-6:00, իսկ շաբաթ օրերը` ժամը 10:00-1:00:

Share this Article
CATEGORIES