Նոր Գիրքերու Հետ. «Գէորգ Գանտահարեան` Ամէնուն Ուսուցիչը»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Գիրք մը նուէր ստանալ` հաճելի բան է, իսկ երբ գիրքը նուիրուած է երախտաւոր անձի մը` քեզի ծանօթ դաստիարակի մը, կուսակցական եւ մշակոյթի նուիրեալ գործիչի մը, հաճոյքը կը բազմապատկուի, որովհետեւ գիրքի իւրաքանչիւր էջ քեզ կը տանի դէպի մօտակայ անցեալ, առիթ կու տայ աղուոր յիշատակներու զարթնումի, մոռցուած կարծուող յուշերու վերականգնումին եւ, ամէնէն կարեւորը, բերկրանք այն զգացումին, որ արդէն պատմութեան անցած երախտաւորի մը ժառանգութեան մէկ կարեւոր բաժինը պարփակուած է հատորի մը մէջ ու զայն մնայուն ներկայութեան կը վերածէ մեր կողքին, մեր գրադարաններուն մէջ, մեր սեղանին վրայ:

Նման բերկրանքի զգացում մը համակեց զիս, երբ «Ազդակ»-ի 2012-ի ամանորի «Բացառիկ»-ին հետ միասին ստացայ «Գէորգ Գանտահարեան` ամէնուն ուսուցիչը» հատորը, լոյս տեսած` 2011-ի վերջերուն, Երեւան, խմբագրութեամբ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի:

Հատորը ամէն բանէ առաջ յուշարձան մըն է Գէորգ Գանտահարեանի համար, որ գիրքի կողքին վրայ թէ առաջին էջերուն, զինք յատկանշած բարի ժպիտով կը դիմաւորէ ընթերցողը եւ անխօս կ՛ըսէ անոր. ահա քեզի փոքր փունջ մը այն աշխատանքէս, որ կերտեց կեանքս ու իբրեւ ժառանգութիւն կը մնայ զաւակներուս, հարազատներուս, աշակերտներուս ու բոլոր անոնց, որոնց հետ գործակցեցայ հայկական կեանքի մէջ, կուսակցական, եկեղեցական, ուսուցչական եւ մեր երաժշտական մշակոյթի անդաստաններուն մէջ:

Հատորը կը բացուի կազմող խմբագիրին «Գէորգ Գանտահարեան» խորագրեալ գրութեամբ, որ կը սեղմէ աւելի քան 80 տարիներու կեանք ապրած Ուսուցիչին կեանքի հանգրուաններն ու գործի ասպարէզները: Աւելորդ կը նկատենք այստեղ վերարտադրել Գանտահարեան մարդուն աւելի քան 60 տարիներու գործունէութեան գիծերը, որովհետեւ վստահ ենք, որ անոր յիշատակը թարմ է զինք ճանչցողներուն միտքին մէջ:

Հատորը ունի ներքին երեք բաժիններ:

Առաջին բաժինը կազմուած է 29 գրութիւններէ, որոնք քաղուածք մըն են Գէորգ Գանտահարեանի դասախօսութիւններէն, յօդուածներէն, բանախօսութիւններէն, մահախօսականներէն ու միտքի այլ արտայայտութիւններէն: Կարեւոր բաժին կը կազմեն հայ երաժշտութեան կալուածին վերաբերող գրութիւնները, որոնք կը յուշեն, թէ դաստիարակին մէջ ինչպիսի տեղ ունէր մեր երաժշտական արուեստը, որովհետեւ ան, գրաբարի, հին գրականութեան, պատմութեան ուսուցիչ-դասախօսի իր վաստակին կողքին, տարիներ շարունակ եղած է երգչախումբի խմբավար ու երգի դրօշակիր: (Ափսոս, որ հատորին մէջ արժանի յիշատակութեան չէ արժանացած Պէյրութի հայկական ռատիոժամին անոր աշխատակցութիւնը, ուշ 60-ականներուն ու կանուխ 70-ականներուն, երբ հերթականօրէն ունկնդիրին կը հրամցնէր Կոմիտաս ու Կանաչեան, Ալթունեան ու մաքուր հայ երգի տաղանդաւորներ):

Երկրորդ բաժինը կազմուած է տասը գլուխներէ, գրութիւններ, վկայութիւններ եւ յուշագրութիւններ, որոնք լոյս աշխարհ եկած են քանի մը տարի առաջ, երբ Գ. Գանտահարեան ողջուցը երջանկութիւնը ապրեցաւ հրապարակաւ տօնելու իր 80-ամեակը, որ խորքին մէջ առիթ էր գնահատելու իր վաստակը: Ստորագրութիւններ ունին Արամ Ա. կաթողիկոս, երախտաւոր աշակերտներ, խմբագիրներ ու հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականներ:

Երրորդ ու վերջին բաժինը կազմուած է 35 գրութիւններէ, արձանագրուած` Գ. Գանտահարեանի մահուան առիթով ու անոր յիշատակին: Այս ու նախորդ գլուխը խորքին մէջ լրացուցիչներ են առաջին բաժինին եւ լուսարձակի տակ կը բերեն այն հետքերն ու ոգեղէն ժառանգութիւնը, զոր Գ. Գանտահարեան սերմանած ու թողած է աշակերտներու, գործակիցներու եւ իրեն հետ մօտէն ու հեռուէն շփում ունեցած անհատներու մէջ, անոնք ըլլան հոգեւորականներ, խմբագիրներ, դասախօսներ, գրողներ, իրեն պէս դաստիարակներ ու արուեստագէտներ:

Հատորին մէջ տեղ գտած են փոքրաթիւ լուսանկարներ, որոնք քաղուած են Գ. Գանտահարեանի կեանքի տարբեր հանգրուաններէն, Անթիլիասի, Հայաստանի մէջ թէ այլուր:

«Գէորգ Գանտահարեան` ամէնուն ուսուցիչը» հատորը վկայութիւն է ոչ միայն աննիւթական հարստութեամբ կերտուած կեանքի մը ու վաստակի մը, այլ նաեւ` ստուար ժառանգութեան մը, որ կը մնայ Գ. Գանտահարեանը ճանչցողներուն` նախկին աշակերտներու ու գործակիցներու, ինչպէս նաեւ` յետնորդներու, որոնք երախտաւորներու հետ հաղորդակից դառնալու առիթը կ՛ունենան նման հատորներու ճամբով: Հետեւաբար, հատորը կը հրամցուի թէ՛ ծանօթներուն եւ թէ՛ նորահաս սերունդին:

 

Share this Article
CATEGORIES