ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ – ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ` 55-47
Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Անթիլիաս (ներկայացուցչական) – Ռիատի Պէյրութ չորրորդ ճակատումը:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ 55-47 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 12-12, 9-9, 20-9 եւ 14-17:
Նախքան երէկուան չորրորդ մրցումը, Ռիատի Պէյրութ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանար:
3-րդ քորթըրի կիսուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սանտրա Նաժըմ վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
5-րդ եւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 3 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մանարայի մէջ:
CATEGORIES Մարզական