ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՊԱՍՏԱՆ ՀԱՅՑՈՂՆԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԳԻՐՔ ՄԸ

«Քոթինուում» հրատարակչատունը 19 յունուար 2011-ին լոյս ընծայած է գաղթականներու եւ ապաստան հայցողներու կրթութեան շուրջ գիրք մը: 216 էջերէ բաղկացած գիրքը կ՛անդրադառնայ շարք մը երկիրներու, ներառեալ` Լիբանանի, Հիւսիսային Քորէայի, Թայլանտի, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ափրիկեան ցամաքամասին վրայ գաղթականներու եւ ապաստան հայցողներու կրթութեան վերաբերող հարցերուն: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ մէկտեղող գիրքին խմբագիրն է Լալա Տեմիրճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES