«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐ»ՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Պարոյր Աղպաշեան

Երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն 6:00, Համազգայինի գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Պարոյր Աղպաշեանի «Ապրուած հրապարակագրութիւն» եւ «Պատառիկներ մեծերէն» գիրքերու մակագրութիւնը` «Հայ գրականութեան շաբաթներ»ու ծիրին մէջ:

Համազգայինի գրատարածին կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան մասին խօսելով` Պ. Աղպաշեան դիտել տուաւ, որ իբրեւ մտայղացում գիրքերու մակագրութեան այս գաղափարը գնահատելի է: «Մեր դասական իրավիճակին մէջ ասիկա երեւոյթ մըն է, եւ կը յուսամ, որ աւելի արհեստավարժ հիմքերու վրայ կը դրուի, աւելի մասնագիտական մօտեցումով կը կազմակերպուի ու փորձառութիւնը կը դառնայ աւելի արժեւորուած եւ աւելի յարատեւ ու արդիւնաբեր», ընդգծեց Պ. Աղպաշեան:

Հայ գիրքի ճակատագիրին, հայ գիրքերուն ու ընթերցողներուն միջեւ կապին մասին «Ազդակ»ի հարցումին պատասխանելով` Պ. Աղպաշեան ըսաւ, որ ինք հայ գիրքի մասին ժխտական մօտեցում չունի, մանաւանդ որ հայ գրողը, ստեղծագործողը, մտաւորականը պիտի գրէ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, ընթերցող ունենայ կամ ոչ: Ըստ անոր, այս հարցին կարելի է մօտենալ երկու ձեւով. հայ գրողը պիտի գրէ ինքնիրեն գոհացում պատճառելու համար, երկրորդ` բան մը կտակելու, բան մը ձգելու զգացումը կ՛ունենայ: «Իսկ ընթերցողներու պարագային, ասիկա մղձաւանջ մըն է, որ ամէնքս կը զգանք: Ասոր ախտաճանաչումը կատարելը կարճ ժամանակի մէջ եւ արագօրէն չ՛ըլլար, այլ կարիք ունի ուսումնասիրութեան, որպէսզի գիտնանք պատճառները եւ փնտռենք դարմանումները, թէեւ բաւական դժուար է ատիկա կատարել: Պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ ձեւերու պէտք է դիմենք, որպէսզի ընթերցող-հեղինակ յարաբերութիւնները ամրապնդուին», դիտել տուաւ Աղպաշեան:

Ան նշեց, որ տիրող կացութիւնները կրնան տխրեցնող ըլլալ, սակայն երբեք յուսահատեցնող պէտք չէ ըլլան հեղինակներուն եւ ընթերցողներուն համար, այլ` պայմանները պէտք է բերրի դարձնել, արգասաբեր դարձնել:

«Նոր սերունդին մօտ ընթերցանութեան նահանջը, հայ գրականութեան հետ կապի նուազագոյն աստիճանի գոյութիւնը ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենան անոնց կազմաւորման վրայ» հարցումին պատասխանելով` Պարոյր Աղպաշեան ըսաւ, որ անոնք մեծ անդրադարձ կրնան ունենալ` դիտել տալով, որ պէտք է մասնագէտներու կողմէ սերտուի կացութիւնը, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ այս անջրպետը ինչո՞ւ կը յառաջանայ: «Ես կը կարծեմ, որ ծնողք, շրջանակ, դպրոց առանցքին մէջ սխալ բան մը կայ: Աւելի դիպուկ ըլլալու համար ըսեմ, որ նախապէս կար հայեցի դիմագիծ ունեցող, մշակութային-ակմբային դրութիւն է, որ այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի, այս պատճառով ալ պակաս մը, բացակայութիւն մը պիտի նշմարուի: Մեր ծնողները, որոնք երիտասարդ են, համալսարանաւարտ են, իրենք է, որ հայ գիրքը, գրականութիւնը, ընթերցանութիւնը ո՛չ կը քաջալերեն, ո՛չ ալ կը մղեն իրենց զաւակները դէպի անոնց կողմը: Անոնք կը բաւարարուին դպրոցական շրջանակներու մէջ իրենց զաւակներուն մատուցուածով, հայերէն խօսելով, հայ մշակոյթին մօտիկ ըլլալով: Բայց եւ այնպէս ժամանակը ցոյց կու տայ, որ ասոնք միայն բաւարար չեն, որովհետեւ զգալի բաց մը գոյութիւն ունի ներկայ սերունդին եւ հայ գիրի, գրականութեան, մշակոյթին միջեւ: Այս հարցը բաւական բարդ է, գիտաժողովի կը կարօտի, որպէսզի ախտաճանաչումը կատարուելէ անդին երթանք եւ լուծումներ գտնենք», նշեց Աղպաշեան:

Աւարտին ան ըսաւ, որ «Հայ գրականութեան շաբաթներ»ուն հետեւած է ինք, եւ մտաւորականը ոգեւորեցնող զգացումներ կը յառաջացնեն նման նախաձեռնութիւններ, սակայն պէտք է համապատասխան մթնոլորտը ստեղծուի, պէտք է բացատրել, ինչպէս նաեւ այս մթնոլորտը դպրոցական, միութենական կառոյցներուն մէջ ալ տարածել եւ բոլորին հասանելի դարձնել: Պէտք է ընթերցողներուն հասնելու ուղիները գտնել:

Ըստ Պ. Աղպաշեանի, ասիկա միայն լիբանանահայութեան խնդիրը չէ, այլեւ համայն հայութեան` սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, ուստի բոլորս պէտք է միասնաբար նստինք եւ ելքերու մասին մտածենք:

Share this Article
CATEGORIES