Պատրա՞ստ Ենք Մեր Բարձր Կրունկները Աղբանոց Ղրկելու…
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
– Կեանքի մէջ չես յաջողիր,- ըսաւ խարտեաշ մազերով, անկողինէն նոր ելածի ու անխնամ արտաքինի տպաւորութիւն ձգող, սակայն լաւ ուսումնասիրուած սանտրուածքով ամերիկուհին,- այնքան ատեն որ կ՛ենթարկուիս ուրիշի խաղի օրէնքներուն:
Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի չենթարկուինք ուրիշի ճշդած խաղի օրէնքներուն: Եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու ան շարունակեց. «Պատասխանը բիւրեղի նման ջինջ է»: Խորհրդաւոր ժպիտ մը շրթներուն, առաջնորդներու մասին խօսող ամերիկուհի դասախօսը այդպէս ըսաւ` աչքէ անցընելով սրահին մէջ հաւաքուած ներկաները, ապա առջեւի կարգի բազկաթոռներուն վրայ թառած կիներուն թելադրեց. «Օգտագործեցէ՛ք ձեր իւրայատկութիւնը, ձեր առաւելութիւնը»:
Պահ մը սրահին մէջ հաւաքուած` աջիս ու ձախիս նստած կիներուն նայելով` մտածեցի, որ կ՛երեւի առաւելութիւնը, որուն ան կ՛ակնարկէ, կիներու ոտքերուն բարձր, շա՜տ բարձր կրունկները ըլլալու են: Բայց դասախօսուհին շուտով հասաւ օգնութեան, եւ ես հասկցայ, որ իմ պատասխանս սխալ էր: Ուրեմն, առաւելութիւնը այն էր, որ իւրաքանչիւր կնոջ մօտ կայ խմբական շահերով առաջնորդուելու ատակութիւն. «Հասկցէ՛ք, դուք հազուագիւտ գանձեր էք, կ՛աշխատիք գերակշռաբար տղամարդոցմով լեցուած միջավայրի մը մէջ, ուր կինը հազուագիւտ երեւոյթ է, նոյնքան` որքան հազուագիւտ է այսօր ռնգեղջիւրը», ըսաւ տիկինը:
– Կարելի է ըսել,- շարունակեց դասախօսը,- որ տղամարդիկ պարտաւոր են քաջալերել կիները, առիթ տալ, որ կիները եւս բացայայտեն «պիզնեսը» զարգացնելու իրենց սեփական ռազմավարութիւնները: Կիները, օրինակ, կրնան պատմել, թէ ինչպէ՛ս մէկ կողմէ կը ծրագրեն չորս երեխաներ ունենալ, եւ միաժամանակ շաբաթը 100 ժամ աշխատիլ:
Խարտեաշ մազերով, անփոյթ սանտրուածքով կինը շարունակեց խօսիլ multi-dependency model-ներու մասին:
Հետաքրքրական էր, որ այնտեղ հաւաքուած կիները, բոլորը կը խօսէին բազմակողմանի ըլլալու կարեւորութեան մասին, որ ըստ երեւոյթին` կը նշանակէր բազմաթիւ «պիզնես»- խորհուրդներու անդամ ըլլալ:
Հիմա պիտի մտածէք, թէ ինչո՛ւ կը խօսիմ այս ամերիկուհիին մասին, սակայն խնդրեմ, քիչ մը եւս համբերել եւ հետեւիլ միտքերուս զարգացման:
Ելոյթը շարունակելով` ամերիկուհին կը պատմէր, թէ յաջող «պիզնես»-կին ըլլալու համար օգտակար էր նաեւ յաջողած մարդու հետ ամուսնութիւնը, այո՛, հարուստ «պիզնեսման»-ի մը հետ ամուսնութիւնը. եւ ինքն իրեն օրինակ բերելով` յովազի կաշիով կրունկներուն վրայ հաւասարակշռութիւնը պահելու անվերջ ճիգով ան կը հաւաստիացնէր, որ այսօր զինք հրաւիրած են ելոյթ ունենալու ճիշդ անոր համար, որ ունի յաջողած businessman ամուսին:
«Ես կ՛ատեմ քոթաները», կը շարունակէր ամերիկուհին կիրքով, եւ ես անմիջապէս հասկցայ, թէ ինչո՛ւ սրահին մէջ հաւաքուած տղամարդիկ անմիջապէս սիրահարեցան այդ կնոջ:
Մտածեցի` ափսո՜ս, երանի մեր հայրենի քաղաքական այրերը այստեղ ըլլային. այս կինը իրենց սրտէն կը խօսէր:
Քոթանե՜ր… քոթանե՜ր… ա՜խ, չարչրկուա՛ծ քոթաներ:
Մեր քաղաքական այրերու սրտերը մաշեցնող, բարիքներու եւ առաւելութիւններու մէջ մխրճուած մեր գործարարներու սիրտը յուզող բառ: Այս ամերիկուհին կը վստահեցնէր, որ քոթա բառը իրեն եւս սրտի ցաւ կը պատճառէր: Բայց յետոյ եկան սրտցաւ թիւերը… Լոնտոնեան Տը Ֆայնենշըլ թայմզ սթոք էքսչենճ-Էֆ.Թի.Էս.Ի. 250 ընկերութիւններու գործարարներու խորհուրդի անդամներուն միայն 7.8 տոկոսը կիները են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ընդհանուր Էֆ.Թի.Էս.Ի.-350 ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններուն միայն 2 տոկոսը կիներն են:
Քոթա՞. ինչո՞ւ համար քոթա:
Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ հայ հասարակութեան մէկ կարեւոր մասը կը պահանջէ, որ կիները իրենց բնական տեղը ունենան գործարար աշխարհին մէջ: Քաղաքական ու տնտեսական աշխարհին մէջ կիներու աւելի տեղ տալու մասին իսկապէս հռետորական խօսքեր կը հնչեն ամէն կողմէ: Սակայն շատ քիչեր կը հաւատան, որ պատասխանը, միջոցը, քոթաներն են: Հաւանաբար կ՛արժէ քննել, թէ արդեօք քոթաները արդիւնաւէ՞տ են այլուր, ի՞նչ կ՛ըսեն ուրիշ երկիրներու փորձառութիւնները:
Փաստօրէն, քոթաները շատ լաւ կը գործեն Շուէտի կամ Նորվեկիոյ մէջ: Սակայն պիտի ըսէք, որ սկանտինաւեան երկիրները բացառութիւն են: Սկանտինաւները ապուշներ են, ի՛նչ որ ըսես` կ՛ընեն. նոյնիսկ խոր անտառներուն մէջ այս «տմպոները» ինքնաշարժ վարած ատեն արագութեան օրէնքները կը յարգեն:
Սկանտինաւները մէկ կողմ ձգենք, վերադառնանք մեր ցաւին:
Գործադիր խորհուրդներու վրայ կիներու ներկայութիւնը, ի՛նչ խօսք, կարեւոր է, սակայն նոյնքան կարեւոր է կին գործարարներու գոյատեւումը ապահովող եւ մանաւանդ անոնց թիւը բազմապատկելու նպաստող միջոցներու յառաջացումը: Այստեղ կարեւոր դեր ունին քաղաքական կուսակցութիւնները: Արագ քննեցէք մեր հասարակութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ ո՛ւր եւ ինչպիսի՛ ասպարէզներու մէջ կ՛աշխատին մեր կիները: Հայրենի համալսարաններու շրջանաւարտ հայուհին գրեթէ բացակայ է տնտեսական աշխարհէն: Ամէն օր շեշտակիօրէն կ՛աւելնայ կարիքը տնտեսական աշխարհէն հասկցող, ելեւմտական ու դրամական շուկաներէն հասկցող կիներուն:
Մեր հայրենիքին մէջ գոյատեւող տնտեսական դժուար պայմաններու առաջին զոհը հայ կինն է. կիները ամէնէն աւելի տուժողներն են, որովհետեւ անոնց եկամուտը մեծ չափով կախեալ է պետական հիմնարկներէն:
Կուսակցութիւնները ոչ մէկ աշխատանք տարած են հայ կիները տնտեսապէս ուժեղացնելու, զանոնք տնտեսապէս անկախացնելու համար, եւ մենք բոլորս քաջ գիտենք, որ տնտեսական ուժին ինքնաբերաբար կը հետեւի քաղաքական ուժը: Տնտեսապէս անկախ կինը նաեւ անկախ մտածող է:
Եթէ կիները սպասէին տղամարդոց բարի կամեցողութեան, ապա այսօր կինը ընտրելու իսկ իրաւունք չէր ունենար:
Եթէ սպասենք, որ տղամարդիկ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն եւ տնտեսական աշխարհէն ներս հանդուրժեն հայ կնոջ ներկայութիւնը, ապա մենք` կիներս, միշտ պիտի մնանք կախեալ ուրիշի խաղի օրէնքներէն:
Այսօրուան իրավիճակին պատասխանատու ենք մենք` հայ կիներս: Կարծես հայ կինը ուրախութեամբ տղամարդոց կը վերապահէ այն մեծ որոշումները, որոնք կը ձեւաւորեն մեր կեանքն ու մեր աշխարհը: Կարծես հայ կիները եւս գոհ են սթաթիւս քօ-էն: Կարծես անոնք կը հաւատան, որ այս ձեւով կրնան հակակշռել իրադարձութիւնները, նուազագոյնի հասցնել վնասները: Սակայն քաջ գիտենք, որ աշխարհը մեզ պիտի չսպասէ, որ սթաթիւս քօ-ն մնայուն վիճակ չէ: Տնտեսական տագնապը պիտի շարունակէ յատկապէս ցաւցնել կիները:
Հայ գործարարները, յատկապէս` հայ կին գործարարները, պէտք է դառնան մեր ուշադրութեան կիզակէտը:
Եթէ հայ կինը կ՛ուզէ ունենալ աշխատանք, ապա չի կրնար ձեւացնել, որ «պիզնես»-ը կարեւոր չէ: Այս կարեւոր գործը իրաւունք չունի վստահելու տղամարդոց` ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց քաղաքական հակումը, ա՛ջ կամ ձա՛խ:
Փափկասուն օրիորդներ, տիկիններ, աջակողմեան, ազատական կամ ձախակողմեան մտածումի տէր հայուհիներ, ժամանակն է խելամիտ ըլլալու: Եւ թերեւս ժամանակն է մեր շա՜տ-շա՛տ բարձր կրունկները պահարանին խորերը ձգելու… կա՛մ ալ` աղբանոց շպրտելու:

