Արմէն Նազարեան Պիտի Վերսկսի Իր Փորձերուն

«Արմենպրես» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի մարզիկ Արմէն Նազարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ժիւտոյի 66 քկ դասակարգի մրցումներուն, շուտով պիտի վերսկսի իր փորձերուն:

Վերջերս կողի վնասուածք ստացած ըլլալուն պատճառով ան վիրաւոր էր: Սակայն ի յայտ եկաւ, որ անոր ստացած վնասուածքը այդքան ալ վտանգաւոր չէ եւ ան շուտով ապաքինելով պիտի գտնէ անցեալի իր վիճակը:

ԱՅԼ գետնի վրայ, մէջբերելով Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մէկ լուրը, «Արմենպրես» կ՛ըսէ, որ յառաջիկայ 24-30 ապրիլին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք ժիւտոյի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, հայրենի իրաւարար Դաւիթ Խիթարեան նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին է: Նշենք, որ Խիթարեան ողիմպիականի Ա. կարգի միջազգային իրաւարար է: Ան առաջին անգամ ըլլալով նմանօրինակ միջազգային մրցաշարքի մը իրաւարարը պիտի ըլլայ:

Այս մրցաշարքին մասնակցող Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականին կազմը պիտի որոշուի յառաջիկային:

 

 

Share this Article
CATEGORIES