Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 23 փետրուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներու տարեկան ընդհանուր հաւաքը, որ ընտրեց նոր վարչութիւն մը, բաղկացած հետեւեալներէն` Պետիկ Չիֆթելեան, Զեփիւռ Ոսկերիչեան-Պէրպէրեան, Թամար Մաճառեան, Ռոյ Աւագեան: Մարիա Քէօֆթէեան, Դալար Իսկէնտէրեան, Կասիա Տիմիճեան, Ազնիւ Մելքոնեան, Կարինէ Տօնապետեան, Լիզա Պարտաքճեան եւ Մեղեդի Պուտագեան:

Նորընտիր վարչութիւնը իր առաջին ժողովին որոշեց նախկին Սոֆիա Յակոբեանականները ընդհանուր հանդիպումի մը հրաւիրել ուրբաթ, 9 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ներկայացնելու համար իր գործունէութեան նախածրագիրը լսելու համար ներկաներու առաջարկները եւ տեսակէտները այդ մասին: Ժողովին կը յաջորդէ հիւրասիրութիւն:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԿԻՆ
ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ

 

Share this Article
CATEGORIES