Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ամշիթ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, վաղը` կիրակի, 4 մարտին, Ամշիթ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:30-ին:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 7 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Նշենք, որ կիսաւարտականի միւս ճակատումին, Թըպնին 81-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Անթունիէի վրայ:

ԱՂՋԿԱՆՑ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի 4 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կը մրցին Շապապ Արապիի դէմ:

Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES