Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Անուան Պասքեթպոլի Աղջկանց Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – ՏԱՆՔ
Հուփս Անթիլիասի ակումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող պասքեթպոլի աղջկանց մրցաշարքը (1996-1997-ի ծնունդ)` նուիրուած Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին, վաղը` կիրակի, 4 մարտին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի ունենայ աւարտական մրցումը:
Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր:
Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:30-ին, իրարու դէմ պիտի հասնէ Հուփս Պէյրութը եւ Շանվիլը, իսկ երկրորդը, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, իրարու դէմ յանդիման պիտի հանէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ Տանքը:
Նշենք, որ աւարտականի վաղուան մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
CATEGORIES Մարզական

