Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Վահրամարդի` Պտուտակներով Աշխատցուած Իւրայատուկ Գործերուն Անհատական Ցուցահանդէսին Բացումը

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Արուեստի կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 2 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Մաթոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վահրամ Նաժժար Աղազարեան (Վահրամարդ) գործերուն անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայացուած էին զանազան չափերով 86 պաստառներ, որոնք աշխատցուած էին պտուտակներով:

Պաստառները ունէին տարբեր թեմաներ` հայկական խաչեր, եկեղեցիներ, աղջկայ դիմագիծեր, առարկաներ:

Վահրամարդ այս իւրայատուկ արուեստը սկսած է 10 տարի առաջ: Ան կը հաւատայ, որ պտուտակը ամէն տեղ ներկայ է, սակայն ոչ ոք կ՛արժեւորէ զայն, որովհետեւ չի տեսներ: Իւրաքանչիւր պաստառ բաղկացած է աւելի քան 4000 պտուտակներէ` ոսկեգոյն, արծաթագոյն, սեւ եւ երբեմն կապոյտ եւ կարմիր:

Ներկայացուած 86 պաստառները արուեստագէտին վերջին 2-3 տարուան աշխատանքներն էին: Նշենք, որ ան ցուցահանդէսներ տուած է Միլանոյի, Փարիզի, Ժընեւի, Նիւ Եորքի եւ Պէյրութի մէջ:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 13 մարտ 2012:

 

Share this Article
CATEGORIES