Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Եւ Գծագրութեան Դպրոցի Կիսամեայ Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի եւ գծագրութեան դպրոցին, երէկ` ուրբաթ, 2 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի կիսամեայ ցուցահանդէսը, ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Ցուցահանդէսի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարիչ տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեան, որ նշեց, թէ «Թ. Ռոսլին»-ի կիսամեայ ցուցահանդէսը լաւագոյն առիթն է արժեւորելու աշակերտներուն կիսամեայ գործունէութիւնը եւ հանրութեան ներկայացնելու անոնց գեղանկարչական գործերը:

Գապասաքալեան ըսաւ, որ գեղանկարչութիւնը միջոց է արտայայտելու հոգեկան ներաշխարհը, եւ ցուցադրուած գործերուն գոյները կեանքը ժպիտով շարունակելու խորհուրդը կը փոխանցեն: Ան յոյս յայտնեց, որ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի եւ գծագրութեան դպրոցը` հսկողութեամբ գեղարուեստի պատասխանատու Հրաչ Այնթապլեանի, արձանագրէ վերելք եւ նոր նուաճումներ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին «Թ. Ռոսլին»-ի 101 աշակերտներէն մէկական գործեր, որոնք առնչուած էին իւրաքանչիւր դասարանի համապատասխան կրթական ծրագիրին: Դպրոցը աշակերտութեան կրթական մակարդակին համապատասխան ունի դասարաններ, որոնց մէջ յստակօրէն կը կիրարկուին մասնայատուկ ծրագիրներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES