Սերպիա Եւրոպական Միութեան Թեկնածու Երկրի Կարգավիճակ Կը Ստանայ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլի մէջ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին Սերպիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի պաշտօնական կարգավիճակ տալու որոշում  որդեգրուած է:

Համաձայնութիւնը գոյացած է այս տարուան 27 փետրուարին, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին, Քոսովոյի կարգավիճակին շուրջ Պելկրատի եւ Փրիշթինայի միջեւ համաձայնութեան գոյացումէն օրեր ետք: Դեկտեմբեր 2011-ին Քոսովոյի կարգավիճակի չլուծուած խնդիրը դարձաւ Սերպիոյ կարգավիճակի հարցի յետաձգման պատճառ:

Եւրոպական Միութեան անդամ են 27 երկիրներ: Դեկտեմբեր 2011-ին կառոյցին անդամակցութեան համաձայնութիւն ստորագրած է Խրուաթիան, եւ կ՛ակնկալուի, որ այդ երկիրը կառոյցին անդամ դառնայ 2013-ին: Եւրոպական Միութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ունի նաեւ Մոնթենեկրոն:

Բացի ատկէ, 1 մարտի վեհաժողովին ընթացքին Հերման Վան Ռոմփէյը Եւրոպական խորհուրդի նախագահ վերընտրելու մասին որոշում մը որդեգրուած է: Այս պաշտօնը Վան Ռոմփէյը պիտի վարէ 30 ամիս: Պելճիքացի քաղաքական գործիչը երկրորդ անգամ ըլլալով նախագահ կը վերընտրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES