Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները ձերբակալած են 18 սպաներ, 100 ֆրանսացի անկարգելաւորներ եւ 70 լիբանանցիներ, որոնք Հոմսի մէջ կը կռուէին սուրիական բանակին դէմ: Քանսօ նկատել տուաւ, որ առաւելագոյնը մէկ ամիսէն կարելի պիտի ըլլայ վերջ մը դնել զինեալ խմբաւորումներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը եւ անոր դաշնակիցները պատասխանատու են Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններուն սպանութեան:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ ոչ մէկ ապահովական տեղեկագիր կը փաստէ, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի անդամներ գոյութիւն ունին:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պետական անձնաւորութիւն մըն է, որուն մասին ոչ մէկ կասկած կարելի է ունենալ եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է զայն ամբաստանել պետական գանձարկղի դրամը օգտագործելու յանցանքով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ազգային կուսակցութիւններու հանդիպումը «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ յառաջիկայ կիրակի օր Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հրաւիրած ցոյցին դէմ այլ ցոյց մը պիտի չկազմակերպէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ շեշտեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի պէտք է անպայման գործադրէ բոլոր բարեկարգումները, որոնք վաւերացուած են յանձնախումբին կողմէ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Սայիտ Միրզա «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն ոչինչ ստացած են` աւելցնելով, որ այլապէս իրենք այդ մասին պիտի յայտարարէին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք կիպրացի պատասխանատուներուն յայտնած է, որ իրեն համար անընդունելի է Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ համաձայնութիւն մը, որ կը վնասէ լիբանանցիներուն շահերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ սուրիական ընդդիմութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութենէն բացի ոչ մէկ որոշում կայ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը կը պատրաստուի քաղաքական իր ուխտը յայտարարելու յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան ընթացքին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան, տնտեսութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան պաշտօնական կայքերը ենթարկուած են համակարգչահէնութեան:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց աշխատաւորներուն եւ աշխատավարձերուն վերաբերող հարցեր: Ժրայսաթի զգուշացուց այն հաստատութիւնները, որոնք աշխատավարձերու յաւելումը չեն գործադրեր եւ փոխադրածախս չեն վճարեր իրենց պաշտօնեաներուն, նշելով` որ անոնք պիտի հետապնդուին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ համայնքային լարուածութիւնն ու սադրանքները սկսին, ապա զանոնք կասեցնելը շատ դժուար պիտի ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական իրավիճակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մեկնեցաւ Քաթար:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին նախարար Մարուան Համատէ մեկնեցան Փարիզ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ին ռազմավարական գործընկերն է, «իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը պիտի մնայ կայուն», շեշտեց ան:

