Վարչապետ Միքաթի Երկու Օրուան Անձնական Արձակուրդով Մեկնեցաւ Լիբանանէն

Վարչապետ Միքաթի` սէուտական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի նախարար Թուֆիք պըն Ֆաուզան Ռապիհան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն մէջ ներդրումները աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ քննարկեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Խուրի շեշտեց, որ ինք վարչապետին մօտ շօշափած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ կացութիւնը հակակշռուած պահելու պատրաստակամութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի Պէյրութի տնօրէն Պըրթ Լոճը, որմէ ստացաւ Միջազգային դատական ատեանի նախագահին պատրաստած Գ. տեղեկագիրը:

Յետմիջօրէին, Միքաթի Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարներ Ղազի Արիտին, Ալաէտտին Թըրրոն եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երկու օրուան անձնական արձակուրդով մեկնեցաւ Լիբանանէն:

Share this Article
CATEGORIES