Կիներուն Զօրակցութեան Ազգային Արշաւի Յայտարարութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին, Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի յայտարարեց կիներուն զօրակցելու ազգային արշաւին սկիզբը:
Մամլոյ ասուլիսին, Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանին եւ անդամներուն կողքին, ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Պաալպեքի ողջունեց Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը եւ անոր աշխատանքներն ու ջանքերը` ի խնդիր քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ լիբանանցի կնոջ դերակատարութեան ամրապնդումին:
Ան շեշտեց, որ ինք կը հաւատայ արական եւ իգական սեռերուն միջեւ հաւասարութեան` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է, որ կիները խորհրդարանին մէջ ներկայացուին յստակ համեմատութեամբ մը, պայմանաւ որ անիկա առաջին քայլի հանգրուանային տնօրինում մը ըլլայ եւ աւելի ուշ կարելի ըլլայ նաեւ շրջանցել սահմանափակ այդ համեմատութիւնը:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Որոշումի տուչութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին մէջ կիներուն զօրակցութեան ազգային արշաւը, որուն սկիզբը պիտի կատարուի յառաջիկայ հինգշաբթի, 8 մարտին` Կիներու միջազգային օրուան առիթով:
Ռ. Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանցի կինը իր դերակատարութեամբ ոչ միայն բացակայ է լիբանանեան քաղաքական կեանքէն, այլ նաեւ` ընկերային կեանքէն: Ան նշեց, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը յանձնառու կը մնայ վճռակամութեամբ շեշտելու Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ հաստատուած այն իրականութիւնը, որ կինն ու այր մարդը իրենց իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մէջ հաւասար են:
Ռանտա Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր է ՄԱԿ-ի ուխտին, Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային յայտարարութեան սկզբունքներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կիներու դերակատարութեան աշխուժացման մասին Լիբանանի կառավարութիւններուն կողմէ որդեգրուած աշխատանքային ծրագիրներուն եւ ստորագրած համաձայնագիրներուն գործադրութեան:
Ռ. Պըրրի նշեց, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին նախաձեռնած այս արշաւը երրորդն է, որուն նպատակն է կնոջ դերակատարութիւնը ապահովել բոլոր մարզերուն մէջ եւ անոր դէմ գործադրուող տնտեսական խտրութեան վերջ տալ:
Ան բաց հրաւէր մը յղեց տեղեկատուական մարզին, ըլլայ ան մամուլ թէ լսատեսողական լրատուամիջոցներ, որպէսզի ընդարձակ քարոզչութիւն կատարուի` ընկերութեան եւ պետութեան կեանքին մէջ կնոջ դերակատարութիւնը հզօրացնելու անհրաժեշտութեան մասին:
«Այս առաքելութիւնը տեղեկատուութեան մարզին ջանքերով պէտք է մէկտեղուի, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ արշաւին բոլոր մանրամասնութիւնները հետեւողական կերպով լուսարձակի տակ առնել եւ ամրապնդել քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ կիներուն ներդրումը: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը յստակ ծրագիրներ չունի լրատուամիջոցներուն ներկայացնելու, սակայն ան կոչ կ՛ուղղէ անոնց` մասնակից դառնալու իր արշաւին եւ պաշտպանելու Լիբանանի կնոջ սահմանադրական եւ օրինական իրաւունքները», ըսաւ ան:
Ռ. Պըրրի ընդգծեց, որ կինը գրեթէ բոլոր մարզերուն, սենտիքաներուն եւ քաղաքացիական հաստատութիւններուն մէջ բացակայ է, «իսկ լրատուամիջոցներուն պարագային ան պարզապէս ձայն մըն է եւ լուսանկար մը», նշեց ան:
Ռանտա Պըրրի եզրափակեց շեշտելով, որ լիբանանցի կինը` այր մարդուն կողքին, կրնայ իր ամբողջական պատասխանատուութիւնները ստանձնել եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործել` մաս կազմելով նաեւ երկրին քաղաքական որոշումներուն տուչութեան, դատական իշխանութիւններուն բարգաւաճման եւ լրագրութեան մարզին բարելաւման հոլովոյթին, ինչպէս որ ան ինքզինք փաստած է բարձրագոյն ուսման եւ կրթութեան մարզին մէջ: