Այցելութիւն Մշակոյթի Նախարար Կապի Լայեունի
Ընկերակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 1 մարտին այցելեց մշակոյթի նախարար կապի Լայեունի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախարարի խորհրդական Միշել Տը Շատարեւեան:
Հանդիպումի ընթացքին նախարարին ներկայացուեցաւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան լայնածաւալ գործունէութեան մարզերը եւ ապագայի ծրագիրները: Քննարկուեցան նաեւ նախարարութեան եւ Համազգայինի միջեւ գործակցութեան կարելիութիւններն ու հասարակաց հետաքրքրութեանց առանցքներու ամրացման միջոցները:
Մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով Համազգայինի աշխատանքներով` նախարարը խոստացաւ մօտիկ ապագային այցելել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն, տեղւոյն վրայ վերահասու ըլլալու կատարուող աշխատանքներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան