Փոխվարչապետը Կը Քննադատէ Գաղափարը. Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարը Տինքի Գործով Նոր Դատավարութեան Ակնարկած Է

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկին ակնարկած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կրնայ նոր դատավարութիւն սկսիլ:

Ըստ Էրկինի, նոր դատավարութիւն կրնայ սկսիլ, եթէ նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ գան: Թուրք նախարարէն առաջ Տինքի գործով նոր դատավարութեան անհրաժեշտութեան մասին իր 649 էջնոց զեկուցումին մէջ խօսած էր նաեւ Թուրքիոյ Պետական վերահսկիչ խորհուրդը:

Սակայն Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ սուր քննադատութեան ենթարկած է այդ գաղափարը` պնդելով, թէ բաւականաչափ ապացոյցեր չկան, որ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպուած եղած է: Ան մասնաւորաբար ըսած է, թէ իր կարծիքով, դատարանի նոր որոշումը չի կրնար «նոր մոմ վառել` վերջ տալու խաւարին», իսկ բուն զեկուցումը բնութագրած էր իբրեւ «մթին քող` խաւարի վրայ»:

«Հիւրրիյէթ» անգամ մը եւս կը նշէ, որ ըստ Պետական վերահսկիչ խորհուրդի զեկուցումին, Տինքի դատավարութեան ժամանակ անփութութիւն կատարուած էր եւ բացթողումներ արձանագրուած էին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES