ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՄԻՍ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ` ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ «ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՂԶԻ»Ն ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՈՐԱԿԱՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՆՈՐ ԵՌԱՆԴ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Հայ թատրոնի ամսուան» նախաձեռնութիւններուն առաջին ներկայացումն էր Ուիլիըմ Սարոյեանի «Փրկութեան կղզի» թատերախաղը` կատարողութեամբ Լիբանան ժամանած Համազգային պետական թատրոնին եւ բեմադրութեամբ Նիքոլայ Ծատուրեանին: Հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած այս ներկայացումներուն առաջինը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, արդէն արժանացաւ լիբանանահայ հասարակութեան ջերմ գնահատանքին` լիբանանահայ թատերական կեանքին տալով նոր թափ ու եռանդ:

Ուրեմն, Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը» ստեղծագործութեան վրայ հիմնուած «Փրկութեան կղզի»ն կը ներկայացնէ Օքէյ Պայ Տը Սի կոչուած քաղաքին մարդիկը, որոնք պարզ են, կ’ապրին նիւթական համեստ պայմաններու մէջ եւ հիմնականը` ունին երազելու իւրայատուկ կարողութիւն մը, որ իրենց կու տայ կորով` շարունակելու իրենց կեանքը:

Ներկայացումը հիմնականին մէջ տեղի կ’ունենայ Պաթալ Էլիայի (Դաւիթ Յակոբեան) վարսայարդարման այսպէս կոչուած համեստ վայրին մէջ, ուր առկայ են վարսայարդարի մը նուազագոյն իրերը միայն: Հոն է, որ Քլէյ Լարրաբին (Տաթեւիկ Ղազարեան) եւ իր հայրը` Քլարկը (Վարշամ Գէորգեան) կ՛երթան Պաթալին մօտ, երբ Քլէյ կը դժգոհի, որ իր հայրը նիւթական պատճառներով տունէն հեռացած է, մինչ հայրը Պաթալին ճամբով կ՛ուզէ չնչին գումար մը հասցնել իր բազմանդամ ընտանիքին:

Այդտեղ ամբոխին կը միանայ ուսուցչուհի Վիվիան Մըք Քեչիընը (Ալլա Սահակեան), որ եկած է ու անորոշ վիճակի մէջ է` մնա՞յ, թէ՞ չմնայ քաղաքին մէջ, մինչ իր գեղեցկութիւնը կ՛արժանանայ բոլորին ուշադրութեան: Այս բոլոր իրադրութիւններուն մէջ երբ գրողը (Կարէն Ջանիբէկեան) կ’անցնէր քաղաքին մօտէն, կը հանդիպի Պաթալին: Այդտեղ Գրողը` իբրեւ հայ, եւ Պաթալը` իբրեւ ծնունդով ասորի, կը գտնեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապեր, մինչ հայը կը շեշտէ, թէ հայերը ունին երկիր…

Երբ Քլէյ կը գտնէ ոստր մը, ցոյց կու տայ բոլորին եւ կը շեշտէ, որ մէջը մարգարիտ մը կայ: Ոսկերիչ Ուոզզեքին (Վանիկ Մկրտչեան) հսկողութեամբ կը փորձեն զայն բանալ… երբ յանկարծ Գրողը ինք Քլէյէն նիւթական մեծ գումարով կը գնէ ոստրը, որպէսզի չսպաննէ Քլէյին երազը, եւ որպէսզի օգտակար դառնայ իր ընտանիքին ու հայրը վերադառնայ տուն: Թատրոնին մէջ դատաւոր Էփլգարդը (Արման Նաւասարդեան) շարունակ «ոստրեր»ու փնտռտուքի մէջ է, որպէսզի ինք եւս բան մը գտնէ, մինչ Մայքըլը (Կարապետ Բալեան) Գրողին ինքնաշարժը կը նորոգէ: Ներկայացման մէջ այլ դերեր նաեւ ունէին Մհեր Բուդուրեան, Արթիւր Տիգրանեան եւ Տիգրան Բարսեղեանը:

Այս ներկայացումին ընդմէջէն «Փրկութեան կղզի»ին մէջ բեմադրիչ Նիքոլայ Ծատուրեանն ու դերասանները, Սարոյեանի ստեղծագործութեան ընդմէջէն, բարձրորակ կատարումով կրցած էին շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին հանդիսատեսը տանիլ Օքէյ Պայ Տը Սի քաղաքը` ցոյց տալով համեստ պայմաններու մէջ մարդոց երջանիկ ըլլալու ընկալումները, մինչ անցորդ Գրողը իր նիւթական օժանդակութեամբ վերադարձուցած էր ընտանիքի մը ժպիտը, երբ այդտեղ նիւթեղէնը դարձած էր ընտանիքին վերամիաւորման միակ ազդակը:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի, 31 մարտին եւ ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ին, տեղի ունեցան Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրին» թատերախաղի աշակերտական ներկայացումները` բեմադրութեամբ Հրաչեայ Գասպարեանի:  Այս ներկայացումներուն կ’անդրադառնանք յառաջիկային:

Աւելցնենք, որ այսօր «Հայ Թատրոնի ամսուան» ծիրին մէջ պիտի ներկայացուի Ռ. Լամուրէի «Ա՜Խ, կանայք, կանա՜յք» թատերախաղը (բեմադրիչ` Վիգէն Ստեփանեան), իսկ վաղը` Է. Տը Ֆիլիփփոյի «Ծննդեան տօները սինիոր Կուպելլոյի տանը» թատերախաղը (բեմադրիչ` Սօս Սարգսեան):

 

Share this Article
CATEGORIES